Գէորգ Սուճեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Էօլչէքճեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Յունուար 14-ին Հակարիի կամուրջով Ազերպայճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուեած են Հայաստանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն եւ ներկայիս կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ։
Այս մասին յայտնած է վարչապետ Փաշինեան՝ նշելով, որ քիչ ետք յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի հաղորդէ։
Յիշեցնենք, որ Գէորգ Սուճեանն ու Դաւիթ Դաւթեանը գերեվարուած էին 2020 Նոյեմբերին՝ պատերազմի աւարտէն ետք, երբ փորձած էին օժանդակութիւն հասցնել Արցախ։ Ազերպայճանի մէջ անոնք դատապարտուած էին 15 տարի բանտարկութեան։
Լիբանանահայ Վիգէն Էօլչէքճեանը գերեվարուած էր 2020 Նոյեմբեր 10-ին, Շուշիի ճամբուն վրայ։ Ան դատապարտուած էր 20 տարուան բանտարկութեան։
Ինչ կը վերաբերի Վագիֆ Խաչատրեանին, ծերունին գերեվարուած էր 2023 Յուլիսին՝ Հակարիի կամուրջին մօտ, երբ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին ուղեկցութեամբ Արցախէն կը մեկնէր Հայաստան՝ բուժման նպատակով։ 2025 Դեկտեմբերի վերջաւորութեան տեղեկութիւններ տարածուած էին, որ անոր առողջական վիճակը Պաքուի բանտին մէջ վատթարացած է եւ ան փոխադրուած է հիւանդանոց։
