Սէն-Շամոնի մէջ խաչքար մը բացուած է՝ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն
Ֆրանսայի Լուառ նահանգի Սէն-Շամոն քաղաքին մէջ, Հոկտեմբեր 18-ին, հանդիսաւորապէս բացուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած խաչքար մը՝ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ բակին մէջ։ Հայաստանի Քաջարան քաղաքի քաղաքապետ Մանուէլ Փարամազեանի նախաձեռնութեամբ զետեղուած այս խաչքարը կը խորհրդանշէ երկու քոյր քաղաքներուն միջեւ հաստատուած բարեկամական կապերը։
Արարողութեան ներկայ գտնուած են Սէն-Շամոնի եւ Քաջարանի քաղաքապետերը՝ Աքսէլ Տիւկուա եւ Մանուէլ Փարամազեան, ինչպէս նաեւ տեղական իշխանութիւններու, հոգեւորականութեան եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։ Խաչքարը օրհնած է Ֆրանսայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ Եղիա եպիսկոպոս Եղիայեան, որմէ ետք պատարագ մատուցուած է՝ ի յիշատակ 1915-ի Ցեղասպանութեան զոհերուն։
Երկու քաղաքապետերը շեշտած են պատմական յիշողութիւնը նոր սերունդներուն փոխանցելու եւ իրենց քաղաքներուն միջեւ բարեկամական կապերը ամրապնդելու կարեւորութիւնը։ Մանուէլ Փարամազեան մասնաւորաբար ընդգծած է խաչքարին խորհրդանշական նշանակութիւնը՝ իբրեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ հաւատքի վկայութիւն։
Այս նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ Սէն-Շամոնի եւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզին մէջ գտնուող Քաջարանի միջեւ սկսած գործակցութիւնը։ Անցեալ Յունիսին Քաջարանի մէջ բացուած էր ֆրանսախօսութեան կեդրոն մը՝ ֆրանսերէնի ուսուցումը քաջալերելու եւ Ֆրանսայի հետ մշակութային կապերը զարգացնելու նպատակով։
Այս խաչքարով Սէն-Շամոն կ՚ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած նոր յուշավայր մը, որ գալիք սերունդներուն պիտի յիշեցնէ 1915-ի ողբերգութիւնը։
