Հայաստան շուտով չեխական L-39 Skyfox ռազմական օդանաւեր պիտի ստանայ
Հայաստանի օդուժը շուտով պիտի ստանայ չեխական L-39 Skyfox նոր սերունդի օդանաւեր, որոնք նախատեսուած են թէ՛ զինուորական օդաչուներու պատրաստութեան, թէ՛ թեթեւ ռազմական գործողութիւններու համար։
Այս մասին Հոկտեմբեր 20-ին յայտնած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, որ Չեխիա կատարած պաշտօնական այցելութեան ընթացքին հիւրը եղած է «Aero Vodochody» օդանաւաշինական ընկերութեան։ Նախարարը հանդիպած է ընկերութեան ղեկավարութեան, ծանօթացած անոր արտադրանքին եւ հրապարակած օդանաւերուն թռիչքը պատկերող տեսանիւթ մը՝ հետեւեալ մակագրութեամբ. «Այս հրաշքները շուտով պիտի ճախրեն Հայաստանի երկինքին մէջ»։
Չեխական պաշտպանական արդիւնաբերութեան վերաբերող աղբիւրներ նախապէս հաղորդած էին, թէ Հայաստան պատուիրած է չորս L-39 Skyfox օդանաւ։ Անցեալ Յունիսին արտադրող ընկերութիւնը յայտարարած էր, թէ կ՚աւարտէ չորս նման օդանաւերու պատրաստութիւնը՝ առանց բացայայտելու պատուիրատուին ինքնութիւնը։
Սակայն Երեւան եւ չեխական ընկերութիւնը տակաւին պաշտօնապէս չեն հաստատած գնուելիք օդանաւերուն թիւը, գործարքին արժէքը կամ յանձնումի ճշգրիտ թուականը։ Ուշագրաւ է, որ Պապիկեանի այցելութեան ընթացքին հրապարակուած լուսանկարներէն մէկուն մէջ կ՚երեւի արդէն պատրաստ օդանաւ մը՝ Հայաստանի ռազմաօդային ուժերու տարբերանշանով։
L-39 Skyfox-ը, որ նախապէս կը կոչուէր L-39NG, ձայնի արագութենէն ցած թռչող, ժամանակակից ռազմական օդանաւ մըն է։ Ան նախատեսուած է օդաչուներու սկզբնական եւ յառաջացած պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ օդային հսկողութեան, հետախուզութեան եւ թեթեւ ռազմական գործողութիւններու համար։
Օդանաւը օժտուած է թռիչքի կառավարման ու կողմնորոշման արդիական սարքաւորումներով եւ ունի հինգ ամրացման կէտեր, որոնց վրայ կարելի է զետեղել տարբեր զէնքեր ու ռազմական սարքեր, ներառեալ գնդացիրներ եւ հրթիռարձակներ։
Չեխական ընկերութիւնը մշակած է նաեւ անօդաչու սարքերու դէմ պայքարի յատուկ տարբերակ մը։ Այսուհանդերձ, տակաւին յայտնի չէ, թէ Հայաստանին յանձնուելիք օդանաւերը ի՛նչ սպառազինութիւն եւ սարքաւորումներ պիտի ունենան։
Հայաստանի ռազմաօդային ուժերը արդէն կը գործածեն չեխական արտադրութեան աւելի հին՝ L-39 Albatros օդանաւերը։ Նոր Skyfox-ներուն ձեռքբերումը պիտի նպաստէ զինուորական օդաչուներու պատրաստութեան արդիականացման եւ կրնայ ընդլայնել հայկական ռազմաօդային ուժերուն հետախուզական ու թեթեւ ռազմական կարողութիւնները։
