Հայաստանը երրորդ անգամ յաղթեց «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ին

Եւրոտեսիլ

13-ամեայ Նարէ Քերոբեան իր «BOO!» երգով գրաւեց առաջին տեղը՝ ետին ձգելով Սպանիան եւ Ֆրանսան

Հայաստան երրորդ անգամ ըլլալով յաղթեց «Մանկական Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին։ Մալթայի մէջ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին տեղի ունեցած 24-րդ մրցոյթին, Հայաստանը ներկայացնող 13-ամեայ Նարէ Քերոբեան իր «BOO!» երգով շահեցաւ 202 կէտ եւ գրաւեց առաջին տեղը՝ արժանանալով թէ՛ միջազգային մասնագիտական դատական կազմերու, թէ՛ հեռատեսիլի ակնդիրներու գնահատանքին։

Այս տարուան մրցոյթին մասնակցեցան 16 երկիրներու ներկայացուցիչներ։ Երկրորդ տեղը գրաւեց Սպանիոյ տասնամեայ ներկայացուցիչ Լուքաս Փաուլանօ՝ «Cuore Bello» երգով եւ 184 կէտով, իսկ երրորդ հանդիսացաւ Ֆրանսայի 12-ամեայ ներկայացուցիչ Ալեք՝ «Comment tu vas ?» երգով եւ 165 կէտով։

Նարէ ստացաւ ընդհանուր առմամբ 202 կէտ, դատական կազմերէն՝ 103, իսկ համացանցային քուէարկութենէն՝ 99։ Այսպէս, ան 18 կէտով գերազանցեց իր ամէնէն մօտ մրցակիցը՝ Սպանիոյ ներկայացուցիչը։ Յատկանշական է, որ դատական կազմերու քուէարկութենէն ետք Հայաստան երրորդ դիրքի վրայ կը գտնուէր, սակայն հանդիսատեսներու քուէները ապահովեցին անոր վերջնական յաղթանակը։

Երեւանցի պատանի երգչուհիին ուշագրաւ կատարումը՝ վառ գոյներով, պարային շարժումներով եւ ինքնատիպ բեմադրութեամբ՝ հիմնուած էր վախերը յաղթահարելու գաղափարին վրայ։ Ինչպէս Նարէ բացատրած էր մրցոյթէն առաջ, «BOO!» երգը կը քաջալերէ դիմագրաւել սեփական վախերը՝ փոխանակ անոնցմէ խուսափելու։

Երգին երաժշտութիւնը յօրինած է Լիլիթ Նաւասարդեան, իսկ խօսքերը գրած է Գրիգոր Կէօքջեան։ Տեսահոլովակին բեմադիրն է Արթուր Մանուկեան։ Մրցոյթէն առաջ տեսահոլովակը «YouTube»-ի վրայ արդէն արձանագրած էր աւելի քան մէկ միլիոն դիտում։

Այս յաղթանակով Հայաստան երրորդ անգամ կը նուաճէ «Մանկական Եւրոտեսիլ»-ի առաջին մրցանակը։ Առաջին յաղթանակը արձանագրուած էր 2010-ին, երբ Վլատիմիր Արզումանեան «Մամա» երգով գրաւած էր առաջին տեղը։ Երկրորդը եկած էր 2021-ին՝ Մալենայի «Քամի, քամի» երգին շնորհիւ։

Այս տարուան մրցոյթը տեղի ունեցաւ Մալթայի Թա Քալի աւանին ցուցահանդէսներու եւ համագումարներու կեդրոնին մէջ՝ շուրջ 4000 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ։ Մրցոյթին արդիւնքը հաւասարապէս որոշուեցաւ մասնակցող երկիրներու դատական կազմերուն եւ համացանցով քուէարկող հանդիսատեսներուն կողմէ։ Քուէարկութեան մասնակցեցան նաեւ մրցոյթին չմասնակցող բազմաթիւ երկիրներու բնակիչներ։

Հայաստանի երրորդ յաղթանակէն ետք յաջորդ տարուան մրցոյթին կազմակերպման վայրը տակաւին չէ որոշուած։ Ըստ մրցոյթի կանոններուն՝ յաղթող երկիրը պարտաւոր չէ յաջորդ տարուան մրցոյթը հիւրընկալելու։