Նիս քաղաքի պատուոյ քաղաքացիի կոչում՝ Պաքուի մէջ պահուող 20 հայ բանտարկեալներուն
Նիս քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Նոյեմբեր 19-ին միաձայնութեամբ որոշեց պատուոյ քաղաքացիի կոչում շնորհել Ազերպայճանի մէջ տակաւին բանտարկուած 20 հայերուն։ Նիստին ներկայ էր Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը։
Ինչպէս հաղորդած էինք Հոկտեմբեր 29-ի մեր թիւով, Նիսի քաղաքապետ Էրիք Սիոթի այս նախաձեռնութեան մասին յայտարարած էր Հոկտեմբեր 22-ին՝ հայ համայնքին հետ կազմակերպուած զօրակցութեան հաւաքի մը ընթացքին։ Այժմ անոր առաջարկը պաշտօնապէս ընդունուած է քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ։
Որոշուած է նաեւ, որ քաղաքապետական խորհուրդի իւրաքանչիւր անդամ, անկախ անոր քաղաքական պատկանելիութենէն, խորհրդանշական կերպով ստանձնէ բանտարկեալի մը հովանաւորութիւնը։ Այսպէսով, քաղաքապետարանը կը ձգտի բանտարկեալներուն հարցը մշտապէս պահել հանրային ուշադրութեան կեդրոնը։
Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ալեքսանտր Սարաճեանի ներկայացուցած առաջարկով, միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նաեւ բանտարկեալներուն անյապաղ եւ առանց նախապայմանի ազատ արձակումը պահանջող բանաձեւ մը։
Հայ բանտարկեալներուն լուսանկարները, որոնք 2025-ի Դեկտեմբերէն ի վեր ցուցադրուած են քաղաքապետարանի շէնքին ցանկապատերուն վրայ, պիտի շարունակեն մնալ հոն՝ ի նշան անոնց ազատ արձակման համար շարունակուող պայքարին։
“Չենք կրնար լուռ մնալ ի տես այս կացութեան”,– յայտարարեց Էրիք Սիոթի՝ յիշեցնելով Նիս քաղաքի եւ հայ ժողովուրդին միջեւ պատմական կապերը, մասնաւորաբար 1915-ի Ցեղասպանութենէն վերապրած հայերուն քաղաքին մէջ ապաստան գտնելը։
Այս որոշումով, որ խորհրդանշական ըլլալով հանդերձ քաղաքական նշանակութիւն ունի, Նիս կը վերահաստատէ իր զօրակցութիւնը Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայերուն, որոնց շարքին են Արցախի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներէն մի քանին։

