Հանրաքուէ. 200 հազար ստորագրութեամբ կարելի՞ է շրջանցել խորհրդարանը

Հանրաքուէ

Հայաստանի նոր Սահմանադրութեան նախագիծը, որ հրապարակուեցաւ Նոյեմբեր 23-ին, քաղաքական եւ հասարակական բուռն քննարկումներու առիթ կու տայ։ Անոր տարբեր դրոյթներուն շուրջ ծաւալող բանավէճերուն մէջ առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացած է 11-րդ գլուխին 79-րդ յօդուածը, որ քաղաքացիական նախաձեռնութեամբ ներկայացուած օրէնքի նախագիծի մը մերժումէն ետք հանրաքուէ կազմակերպելու կարելիութիւն կը նախատեսէ։

Այս դրոյթը ուշագրաւ է մանաւանդ այն պատճառով, որ Ազգային ժողովին կողմէ օրէնքի նախագիծի մը մերժումը անպայման չի նշանակեր անոր վերջնական ձախողումը։ Նախագիծին համաձայն՝ որոշ պայմաններու բաւարարման պարագային քաղաքացիները կրնան պահանջել, որ հարցը ներկայացուի ուղղակի ժողովուրդի քուէարկութեան։

Ի՞նչ կը նախատեսէ 79-րդ յօդուածը

Նոր Սահմանադրութեան նախագիծին համաձայն՝ ընտրական իրաւունք ունեցող առնուազն 40 հազար քաղաքացիներ կրնան օրէնքի նախագիծ մը ներկայացնել Ազգային ժողովին։ Եթէ խորհրդարանը մերժէ զայն, եւ մերժումէն յետոյ 120 օրուան ընթացքին նախաձեռնութեան միանան 200 հազար քաղաքացիներ եւս, նախագիծը հանրաքուէի կը դրուի՝ պայմանաւ որ Սահմանադրական դատարանը հաստատած ըլլայ անոր համապատասխանութիւնը Սահմանադրութեան։

Այս փոփոխութիւնը կը թեթեւցնէ գործող Սահմանադրութեամբ նախատեսուած պայմանները։ Ներկայիս քաղաքացիական նախաձեռնութեամբ օրէնքի նախագիծ ներկայացնելու համար անհրաժեշտ է առնուազն 50 հազար քաղաքացիի մասնակցութիւնը, իսկ խորհրդարանական մերժումէն ետք հանրաքուէի հասնելու համար՝ 300 հազար քաղաքացիի եւս աջակցութիւնը, 60 օրուան ընթացքին։

Սակայն կարեւոր է յստակ տարբերութիւն մը կատարել. 79-րդ յօդուածը կը վերաբերի սովորական օրէնքի նախագիծերուն եւ ոչ թէ նոր Սահմանադրութեան ընդունման։ Հետեւաբար, անկէ կարելի չէ հետեւցնել, թէ խորհրդարանին կողմէ մերժուած նոր Սահմանադրութիւնը կարելի պիտի ըլլայ 200 հազար ստորագրութեամբ ուղղակի հանրաքուէի ներկայացնել, թէեւ հայաստանեան կարգ մը լրասփիւռներու թերի լուսաբանումը այդ տպաւորութիւնը կը ստեղծէ։

Նոր Սահմանադրութեան ընդունման ընթացակարգը սահմանուած է նոյն գլուխին 77-րդ յօդուածով։ Անիկա եւս 200 հազար ընտրողի կը վերապահէ Սահմանադրութիւն ընդունելու նախաձեռնութեան իրաւունք, սակայն հանրաքուէի կազմակերպման համար անհրաժեշտ կը նկատէ Ազգային ժողովի որոշումը՝ երեսփոխաններու ընդհանուր թիւին առնուազն երեք հինգերորդին ձայներով։

Աւելին՝ այս վերջին շեմը կը նախատեսուի նոր Սահմանադրութեան նախագիծով։ Ներկայիս գործող Սահմանադրութեան համաձայն, նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու հարցով հանրաքուէ կազմակերպելու որոշումը կը պահանջէ երեսփոխաններու ընդհանուր թիւին առնուազն երկու երրորդին համաձայնութիւնը։ Ուստի առաջարկուած նոր ընթացակարգը չի կրնար ինքնաբերաբար կիրարկուիլ տակաւին չընդունուած Սահմանադրութեան հանրաքուէն կազմակերպելու համար։

Այս տարբերութիւնը առանձնապէս այժմէական է, երբ նոր Սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ տարակարծութիւնները կը վերաբերին ոչ միայն անոր բովանդակութեան, այլեւ ընդունման ընթացակարգին։

Ստորեւ կը ներկայացնենք նոր Սահմանադրութեան նախագիծին համապատասխան հատուածը՝ դասական ուղղագրութեամբ, առանց բնագրին լեզուական կամ բովանդակային փոփոխութեան։

Գլուխ 11. ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄ, ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷ

(…)

Յօդուած 79. Քաղաքացիական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագծի վերաբերեալ հանրաքուէն

  1. Եթէ Ազգային ժողովը մերժում է Սահմանադրութեան 38-րդ յօդուածի 5-րդ մասով սահմանուած կարգով ներկայացուած օրէնքի նախագծի ընդունումը, ապա մերժումից յետոյ՝ հարիւր քսան օրուայ ընթացքում, օրէնքի նախագծի ընդունման նախաձեռնութեանն ընտրական իրաւունք ունեցող երկու հարիւր հազար քաղաքացու միանալու դէպքում նախագիծը դրւում է հանրաքուէի, եթէ Սահմանադրական դատարանը նախագիծը ճանաչել է Սահմանադրութեանը համապատասխանող: Քաղաքացիական նախաձեռնութեան մասնակիցների ստորագրութիւնների վաւերականութիւնը հաստատում է Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը:

Cet article vous a été utile ?

Par votre abonnement ou votre don, vous pouvez aider à ce que les articles de « Nor Haratch » restent accessibles gratuitement.

Derrière chaque article, il y a des journalistes et des rédacteurs qui doivent recevoir la juste rémunération de leur travail.

Voir nos offres d'abonnement

Soutenez NH