«Երէկ երեկոյեան (Յունուար 4-ին) վարչապետին եւ տասը եպիսկոպոսներու ստորագրած յայտարարութեան առնչութեամբ հարկ կը համարենք ընդգծել հետեւեալը.

ա․ Եկեղեցւոյ ներքին կեանքի կանոնակարգման եւ բարենորոգման պատրուակով Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարին ձեռնարկած գործողութիւնները ուղղակի կ՚ոտնահարեն ՀՀ Սահմանադրութիւնը, կը խախտեն թէ՛ միջազգայնօրէն, թէ՛ Հայաստանի օրէնսդրութեամբ սահմանուած Եկեղեցւոյ իրաւունքները։

բ․ Նման հակաեկեղեցական գործընթացներու մէջ եպիսկոպոսներու ներգրաւումը, քահանայից դասին նկատմամբ կիրարկուող ճնշումները դատապարտելի են։ Եկեղեցւոյ կեանքին առնչուող խնդիրներու քննարկումները կը կատարուին բացառապէս եկեղեցական համապատասխան մարմիններու մէջ՝ կանոնական կարգաւորումներու համաձայն։ Տարակուսելի է, որ յիշեալ տասը եպիսկոպոսները ցայսօր որեւէ կերպով չեն արձագանգած Մայր Աթոռէն իրենց ուղղուած կոչերուն ու հրաւէրներուն, կը շարունակեն խուսափիլ զիրենք յուզող հարցերու շուրջ Ամենայն Հայոց Հայրապետին եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին հետ հանդիպումներէն ու քննարկումներէն։

գ. Հարկ է ընդգծել, որ Եկեղեցւոյ կանոնակարգային հարցերն ու բարենորոգումը վերապահուած չեն ինքնահռչակ խորհուրդի մը, այլ՝ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ Նուիրապետութեան՝ իր բարձրագոյն կառոյցներով։

դ․ Նման անխոհեմ քայլեր կրնան յանգեցնել հերձուածի՝ ցաւալի հետեւանքներով»։