ՀԵՑ-ի (Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր) առժամեայ կառավարիչ Ռոմանոս Պետրոսեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ Յունուար 9-ին կատարած է գրառում մը՝ անդրադառնալով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ ունեցած կարճ զրոյցի ընթացքին կատարած յայտարարութեան, թէ «Հայաստանի մէջ չկայ գոնէ մէկ ընտանիք, որմէ նախորդող շրջանին ՀԵՑ-ը դրամ չէ գողցած»։

«Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովի (ՀԾԿՅ) նախագահին ՀԵՑ-ի նկատմամբ յարուցած վարչական վարոյթի շրջանակին մէջ, վերջինիս կողմէ նշանակուելով ՀԵՑ-ի առժամեայ կառավարիչ՝ աւելի քան 5 ամսուան գործունէութեան ընթացքին կը տիրապետեմ այնպիսի տեղեկութիւններու եւ փաստերու, որոնք ուղղակի կը հաստատեն վարչապետին խօսքերը: Աւելին՝ ՀԵՑ-ի կառավարման նախորդ շրջանի բազմաթիւ խախտումներու, ակնյայտօրէն յանցանք հանդիսացող փաստերու հիման վրայ այս պահուն Քննչական յանձնախումբին եւ Եղծանման դէմ պայքարի յանձնախումբին (Հակակոռուպցիոն կոմիտէ) կողմէ նախաձեռնուած են շուրջ երկու տասնեակ քրէական վարոյթներ։ Այդ փաստերուն ու համակարգային խախտումներուն հիմքով էր նաեւ, որ ՀԾԿՅ-ն յարուցուած վարոյթի աւարտին 2025 Նոյեմբեր 17-ին ՀԵՑ-ը զրկեց բաշխման արտօնագրէն։

Ի՞նչ նկատի ունի վարչապետը, երբ կ՚ըսէ, թէ “ՀԵՑ-ը դրամ գողցած է” մեր ժողովուրդէն.

  • Սա արդէն իսկ հիմնաւորուած է քանի մը քրէական վարոյթներու նիւթերով, որոնք կը վերաբերին ՀԵՑ-ի բաժանորդ տասնեակ հազարաւոր ընտանիքներու, կազմակերպութիւններու եւ հիմնարկներու սպառած ելեկտրականութեան ծաւալներու ահռելի յաւելագրումներու. անոնք երկար տարիներ վճարած են իրենց չսպառած ելեկտրականութիւնը։
  • Սա կը վերաբերի ինքնավար ուժանիւթ արտադրող բաժանորդներու, հազարաւոր ընտանիքներու արեգակնային վահաններուն արտադրած ելեկտրականութեան ծաւալներու ահաւոր չափերով թերգրանցումին. վերջիններս իրենց օրինական արտադրանքին համար որեւէ ձեւով չեն փոխհատուցուած։
  • Սա կը վերաբերի նաեւ Հայաստանի մէջ ելեկտրականութեան արդէն սուղ սակագինին մէջ ուղղակի ընդգրկուած ներդրումային ծրագրի ծախսային յօդուածներուն, որոնք երկար տարիներ իրականացուած են փակ տնտեսական մենաշնորհային արժեշղթայի գործադրմամբ՝ շուկայական գիներէն բազմապատիկ անգամ բարձր եւ ուռճացուած արժէքներով, իսկ ատոր դիմաց վճարած է Հայաստանի քաղաքացին՝ սակագինին մէջ ընդգրկուած գումարի տեսքով…։

Տասնեակ մը նման ուրիշ օրինակներ կրնամ բերել…։ ՀԵՑ-ը այլեւս կը ծառայէ մեր ժողովուրդին»,– գրած է Պետրոսեան։

***

Խորին շնորհակալութիւն պարոն Ռոմանոս Պետրոսեանին, այս բազմաթիւ չարաշահումներու բացայայտման համար։ Ուրեմն կրնա՞նք յուսալ, որ այդ բազմաթիւ չարաշահումներու այսուհետեւ կանխումով՝ Հայաստանի քաղաքացին պիտի ստանայ ելեկտրականութեան զգալիօրէն նուազ սուղ հաշուեցոյց։ 

Սպասենք ու տեսնենք։