Պոլուի քաղաքապետ Թանժու Էօզճան
Թէեւ թրքական իրականութեան մէջ նորութիւն չէ վերի խորագրով ըսուածը։ Ահաւասիկ նոր դէպք մը։
Պոլուի քաղաքապետ Թանժու Էօզճան շաբաթավերջին ընկերային ցանցերու վրայ կատարած է աղմկայարոյց գրառում մը։ Քրտական Աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) պարագլուխ Ապտուլլահ Էօճալանի (Աբօ),– որ 1999-ին թրքական գաղտնի սպասարկութեանց կողմէ Քենիայի մէջ ձերբակալուելէն ի վեր Թուրքիոյ Իմրալի կղզիի բանտը կը գտնուի,– ուղղեալ գրառման մէջ ան նշած է. «Երանի հայ հայրդ երկու երկվայրկեան աւելի կանուխ վարուած ըլլար եւ բնաւ ծնած չըլլայիր, դաւաճա՛ն»։
Նշենք, թէ Թուրքիոյ մէջ «մէկ քարով՝ երկու թռչուն» որսալու հետամուտ ազգայնամոլ խաւը տասնամեակներէ ի վեր կը պնդէ, թէ Ապտուլլահ Էօճալան հայ է։ «Մէկ քարով՝ երկու թռչուն», քանի որ ըստ իրենց՝ ամենածանր հայհոյանքով կը նախատեն ամէնէն ատելի անձը։
Պոլուի քաղաքապետին այս գրառումը բնականաբար շատ համակիրներ ունեցած է, բայց նաեւ արժանացած է բուռն հակազդեցութեան, հայկական թէ թրքական շրջանակներէ։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանն ալ հրապարակած է դատապարտող հաղորդագրութիւն մը։ Թրքական շրջանակներէն եկած հակազդեցութեանց մէջէն ուշագրաւ է երգիչ Էզհէլի գրառումը. «Այս խայտառակ մարդն ալ, այս ցեղապաշտին դէմ ոչինչ ըրած ՃՀՓ-ն ալ պոյքոթի կ՚ենթարկեմ։ Փլցուցէք ուրեմն Տոլմապահչէն, զոր նոյնպէս հայ մը կառուցած է»։
Այո՛, «ՃՀՓ-ն ալ պոյքոթի կ՚ենթարկեմ» կ՚ըսէ երգիչը, քանի որ Պոլուի քաղաքապետը կը պատկանի ՃՀՓ-ին (Ժողովուրդի հանրապետական – CHP), այլ խօսքով՝ իբրեւ թէ Թուրքիոյ ամէնէն «ժողովրդավար, յառաջապահ ու լայնախոհ» կուսակցութեան։
***
Հոս անպայման պէտք է յիշել նաեւ որ «ժողովրդավար, յառաջապահութեան ու լայնախոհութեան արժէքներ դաւանող» կուսակցութեան անդամ այս նոյն քաղաքապետի ղեկավարած քաղաքին՝ Պոլուի կեդրոնական հրապարակներէն մէկուն վրայ անցեալ տարի մեծ հպարտութեամբ եւ մա՛նաւանդ «նախանձելի փութով» բարձրացուած էր թուրք ֆութպոլիստ Մելիհ Տեմիրալի արձանը։ Այս այն «մարզիկ»-ն է, որ Ազգերու եւրոպական ախոյեանութեան մրցաշարքին, մարզադաշտին վրայ «գորշ գայլեր»-ու նշանը ընելուն հետեւանքով քանի մը մրցում կախակայուած էր։ Բարձրացուած արձանը, անխուսափելիօրէն պահպանած է «հպարտառիթ» այդ մանրամասնութիւնը՝ «գորշ գայլեր»-ու նշանը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։