Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՆԻՒ ԵՈՐՔ. Էրտողան ՄԱԿ-ի համաժողովին անդրադարձած է պատերազմէն ետք Կովկասի մէջ ստեղծուած կացութեան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն դիմելով համաշխարհային հանրութեան, յայտարարած է թէ՝ «կարևոր քայլերու ձեռնարկուած են Կովկասի խաղաղութեան և կայունութեան հաստատման համար»:

Անդրադառնալով Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին՝ ան ըսած է, որ «Ազէրպայճան, օգտուելով «արտաքին նախայարձակումէն» (չակերտները՝ մեր կողմէ) պաշտպանուելու իր իրաւունքէն, գործադրած է ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի չիրագործուած բանաձևերը և վերջ տուած «իր հողերու բռնագրաւման» (չակերտները՝ մեր կողմէ)»:

«Այս իրադարձութիւնը հնարաւորութիւններու պատուհաններ բացած է տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան վերականգնման համար: Թուրքիա մտադիր է աջակցելու կողմերու իւրաքանչիւր դրական քայլին»,– նշած է Էրտողան։