Սիմոնեան-Հաճիեւ հանդիպումը

Սիմոնեան-Հաճիեւ

Ալէն Սիմոնեան Պիշքէքի մէջ հանդիպում ունեցած է Հիքմէթ Հաճիեւի հետ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) նորանշանակ քարտուղար Ալէն Սիմոնեան Սեպտեմբեր 1-ին Պիշքէքի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։

Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին՝ Սիմոնեան-Հաճիեւ բանակցութիւնները յաջորդած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումին։ Անոնք շարունակած են խաղաղութեան օրակարգի շուրջ քննարկումները։ Հայկական կողմը այլ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած։

Այս մէկը Ալէն Սիմոնեանի՝ որպէս Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար, ազերի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը հետ առաջին հանդիպումն է։ Մինչեւ վերջերս Հիքմէթ Հաճիեւի հետ բանակցութիւնները կը վարէր ԱԽ-ի նախկին քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։ Անոր վերջին հանդիպումը Հաճիեւի հետ կայացած էր Յունիսին՝ Դիլիջանի մէջ։