Վրաստանի մէջ հազարաւոր ցուցարարներ փողոց իջած են՝ պահանջելով վերադառնալ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղիին
Նոյեմբեր 28-ին, Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի եւ այլ քաղաքներու մէջ հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց իջած են՝ պահանջելով վերսկսիլ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները։ Ցոյցերը տեղի ունեցած են այդ բանակցութիւնները սառեցնելու կառավարութեան որոշումէն երկու տարի ետք։
Թիֆլիսի մէջ ցուցարարները քաղաքի տարբեր շրջաններէն երթերով ուղղուած են դէպի Ազատութեան հրապարակ՝ քննադատելով իշխանութեան «Վրացական երազանք» կուսակցութեան քաղաքականութիւնը եւ պահանջելով, որ երկիրը վերադառնայ եւրոպական համարկման ուղիին։
Հաւաքին մասնակցած է նաեւ Վրաստանի նախկին նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին։ Ընդդիմադիր ներկայացուցիչները դատապարտած են իշխանութիւններուն կողմէ քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբ գործադրուող ճնշումները։ Մասնաւորաբար, իշխանութեան կուսակցութիւնը դիմած է Սահմանադրական դատարան՝ պահանջելով հակասահմանադրական հռչակել ընդդիմադիր հինգ կուսակցութիւններ։
Յիշեցնենք, որ 28 Նոյեմբեր 2024-ին վարչապետ Իրակլի Քոպախիձէ յայտարարած էր, թէ Վրաստան մինչեւ 2028 պիտի չհետապնդէ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու բացումը։ Այդ որոշումը երկրին մէջ զանգուածային բողոքի ցոյցերու պատճառ դարձած էր։
Վրաստանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ չեն հրաժարած Եւրոպական Միութեան անդամակցելու նպատակէն եւ կը նախատեսեն այդ նպատակին հասնիլ մինչեւ 2030 թուականը։

