«Հագնելի արուեստ»-ը Փարիզի մէջ
Screenshot
Հայկական HASIS ապրանքանիշը կը մասնակցի «Who’s Next» միջազգային ցուցահանդէսին
Հայկական մշակոյթն ու արուեստը նորաձեւութեան ընդմէջէն աշխարհին ներկայացնող HASIS ապրանքանիշը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Փարիզի մէջ կայանալիք հեղինակաւոր «Who’s Next» միջազգային ցուցահանդէսին։ Նորաձեւութեան այս կարեւոր իրադարձութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 5-էն 7-ը, «Paris Expo Porte de Versailles»-ի մէջ (Hall 1)։ Հայկական շարք մը այլ ապրանքանիշերու կողքին՝ HASIS-ի այս մասնակցութիւնը կ՚իրականանայ Առեւտուրի միջազգային կեդրոնի (ITC) եւ Եւրոպական Միութեան աջակցութեամբ։


HASIS-ը, որ արդէն իսկ իր արտադրանքը կ՚արտածէ տարբեր երկիրներ (ներառեալ՝ Չինաստան), ծանօթ է որպէս «հագնելի արուեստ» (Wearable Art) ստեղծող ծանօթ վաճառանիշ։ Անիկա կը հրամցնէ բարձրորակ մետաքսեայ վզկապեր, շալեր եւ հեղինակային զարդեր՝ ներշնչուած հայկական մշակոյթէն, թանգարանային գանձերէն եւ արուեստի գլուխգործոցներէն, յատկապէս՝ Մարտիրոս Սարեանի եւ Սերկէյ Փարաջանովի ստեղծագործութիւններէն։ Ապրանքանիշին գլխաւոր գաղափարախօսութիւնն է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը նորովի ու ժամանակակից շունչով մատուցել միջազգային հանրութեան։

Ապրանքանիշին անուանումը ունի խորհրդանշական եւ իւրայատուկ պատմական ծագում. ըստ ուրարտական աւանդազրոյցի մը, Ք.ա. 7-րդ դարուն Հասիս թագուհին Արգիշտի Բ. արքային 12 մանչ զաւակ պարգեւած է (երեք անգամ քառեակ ծննդաբերելով)։ Ի նշան այս մեծ ուրախութեան՝ արքան հրամայած է թագաւորական գանձարանէն 12-ական արծաթադրամ նուիրել բազմազաւակ բոլոր մայրերուն։ Ճիշդ այս գեղեցիկ պատումէն ալ ծնած է HASIS-ի նշանաբանը՝ «Սիրոյ եւ երջանկութեան արքայական ընծայ»։
