Ծագումով հայ աստղանաւորդ Յարութիւն Քիվիրեան յաջողութեամբ յանձնած է նախաթռիչքային քննութիւնը

Յարութիւն Քիվիկեան

Ծագումով հայ աստղանաւորդ Յարութիւն Քիվիրեան յաջողութեամբ աւարտած է Միջազգային տիեզերակայանի ռուսական հատուածին վերաբերող իր նախաթռիչքային վերջնական քննութիւնը՝ բարձր գնահատական ստանալով քննական յանձնախումբին կողմէ։

33-ամեայ Քիվիրեան աստղանաւորդներու պատրաստութեան «Եուրի Կակարին» կեդրոնի փորձարկող-տիեզերագնաց է, ինչպէս նաեւ՝ Խորհրդային Միութեան եւ Ռուսաստանի աստղանաւորդներու ջոկատին միացած առաջին հայազգի ներկայացուցիչը։ Ան նաեւ մաս կը կազմէ «Crew-13» առաքելութեան պահեստային անձնակազմին, որ դէպի տիեզերք պիտի մեկնի «SpaceX» ընկերութեան «Crew Dragon» տիեզերանաւով։

Երիտասարդ աստղանաւորդին այս նուաճումը յատկանշական նոր էջ մը կը բանայ տիեզերքի հետազօտման բնագաւառէն ներս հայերու արձանագրած յաջողութիւններու եւ դերակատարութեան պատմութեան մէջ։