Երրորդ դատաւորն ալ կը հրաժարի քննելէ Կաթողիկոսին գործը

Գարեգին Բ.

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի եւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ վեց եպիսկոպոսներուն առնչուող քրէական գործով՝ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանի դատաւոր Վահագն Մելիքեան դիմած է Վճռաբեկ դատարան՝ իրաւասութեան հարցի լուծման նպատակով։ Այս տեղեկութիւնը հաստատած են դատարանի աղբիւրները։

Այսպէսով, արդէն երրորդ դատաւորն է, որ կը հրաժարի քննելէ Վեհափառ հայրապետին վերաբերող գործը։ 

Յիշեցնենք, որ այս գործը ստանձնած առաջին դատաւորը՝ Յակոբ Մանուկեանը, Օգոստոս 7-ին քաշուած էր։ Օգոստոս 10-ին գործը յանձնուած էր դատաւոր Սերժ Ռուշանեանին, որ իր կարգին զայն վերադարձուցած էր Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարան։