Ի՞նչ ապագայ վերապահուած է Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանին
Պիշքէքի մէջ կայացած երկկողմ հանդիպումէն եւ Վլատիմիր Փութինի այն յայտարարութենէն ետք, թէ Մոսկուան կրնայ վերջ տալ Հայաստանի մէջ իր ռազմական ներկայութեան «վաղն իսկ», Նիկոլ Փաշինեան դիւանագիտական նոր քայլի մը դիմեց։ Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանը այլեւս «կենսական անհրաժեշտութիւն» չի ներկայացներ երկրին համար, եւ Երեւան պիտի չընդդիմանայ անոր փակման։
Անվտանգութեան այն ուղեգիծը, որ 1990-ական թուականներէն ի վեր Հայաստանը կը կապէր Ռուսաստանին, կը շարունակէ խորապէս փոխուիլ: Քիրկիզստանի մայրաքաղաքին մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումէն ետք, Նիկոլ Փաշինեան յստակացուց Երեւանի դիրքորոշումը՝ հայկական հողին վրայ Մոսկուայի ռազմական ներկայութեան վերաբերեալ:
Ռազմավարական «հպարգելք»-ի (tabou) մը աւա՞րտը
Պատմականօրէն Երեւանի կողմէ արտաքին, յատկապէս թրքական հաւանական յարձակումի մը դէմ որպէս վերջին պատուար ընկալուած Գիւմրիի ռուսական 102-րդ ռազմակայանը կը հիւրընկալէ մօտաւորապէս 5000 զինուոր՝ Ռուսաստանի Հարաւային ռազմական շրջանի հրամանատարութեան տակ: Սակայն, Լեռնային Ղարաբաղի վրայ ազերպայճանական յարձակումի ընթացքին ռուս խաղաղապահներու կրաւորականութիւնը եւ Հայաստանի սահմանամերձ գօտիներէն ներս կրկնուող ներխուժումները խորապէս խարխլեցին այդ վստահութիւնը:
Անդրադառնալով Վլատիմիր Փութինի այն խօսքին, թէ Ռուսաստան «ոչ ոքի պիտի պարտադրէ» իր ներկայութիւնը եւ պիտի հեռանայ, եթէ Հայաստան այլեւս չտեսնէ անոր օգտակարութիւնը, Նիկոլ Փաշինեան ուղղակի հաստատեց Երեւանի դիրքորոշումը. «Հայաստան կենսական անհրաժեշտութիւն չի նկատեր ռուսական 102-րդ ռազմակայանի ներկայութիւնը եւ պիտի չընդդիմանայ անոր հեռացման, եթէ Մոսկուան որոշէ լքել երկիրը»։
Տեսականօրէն մինչեւ 2044 վաւերական համաձայնագիր մը
Թէեւ 2010-ին երկարաձգուած երկկողմ համաձայնագիրը կը նախատեսէ Գիւմրիի ռազմակայանի պահպանումը մինչեւ 2044 թուականը, այս յայտարարութեան քաղաքական տարողութիւնը հսկայական է։ Եթէ Երեւան պաշտօնապէս չի պահանջեր ռուսական զօրքերու անյապաղ վտարումը՝ կտրուկ խզումէ մը խուսափելու համար, Հայաստանի կառավարութիւնը բացայայտօրէն ցոյց կու տայ, որ ռազմական նախկին դրութիւնը (statu quo) այլեւս առաջնային արժէք չունի։
Ռուսաստանի հետ հեռաւորութիւն պահելու այս դիրքորոշումը մաս կը կազմէ անվտանգութեան դաշինքներու բազմազանացման շատ աւելի լայն գործընթացի մը, որ կը յատկանշուի Հայաստանի մասնակցութեան սառեցմամբ ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) աշխատանքներուն, մերձեցմամբ Եւրոպական Միութեան հետ եւ Ֆրանսայի ու Հնդկաստանի հետ սպառազինութեան մեծածաւալ պայմանագրերու կնքումով։
Պետական ենթակառոյցներու վերակազմաւորում
Ռուսական կողմին հետ տարանջատումը չի վերաբերիր միայն ռազմական ոլորտին։ Միեւնոյն ելոյթի ընթացքին, Հայաստանի վարչապետը անդրադարձաւ նաեւ ազգային երկաթուղային ցանցի կառավարման, որ ներկայիս յանձնուած է ռուսական երկաթուղիներու պետական ընկերութեան (RZD)։ Նիկոլ Փաշինեան հասկցուց, որ կառավարման այս իրաւունքին (concession) փոխանցումը երրորդ երկրի մը ներկայիս պիտի ըլլայ լաւագոյն տարբերակը՝ վերականգնելու համար Հայաստանի միջազգային տարանցիկ դերը։
Աշխարհաքաղաքական իրապաշտութեան եւ աստիճանական հեռացումի ուղին բռնած Հայաստան ակնյայտօրէն կ’ընտրէ իր ինքնիշխանութեան ամրապնդման ճամբան՝ ապաւինելով արեւմտեան եւ ասիական նոր գործընկերութիւններու։ Սակայն, մշտապէս լարուած այս տարածաշրջանին մէջ, տակաւին հարցական է, թէ անվտանգային այս նոր ձեւաչափը որքանո՞վ թոյլ պիտի տայ տոկալ տարածաշրջանային ճնշումներուն ու երկրին ապահովել մնայուն կայունութիւն։
