Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութեան հանրային կապերու բաժնէն կը տեղեկացնեն, թէ Ֆրանսայի դատական մարմինները բացասական կարծիք յայտնած են Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը Հայաստանին յանձնելու դիմումին վերաբերեալ:
Այս կապակցութեամբ, Ֆրանսայի՝ Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութեան 2022 Հոկտեմբեր 28 թուակիր նամակ մը յղած է։ Հոն կ՚ըսուի, թէ Ֆրանսայի դատական մարմինները 2022 Յունիս 6-ին կայացուցած իրենց որոշումով բացասական կարծիք յայտնած են ենթական յանձնելու դիմումին վերաբերեալ, նկատի ունենալով, որ – ըստ 1957 Դեկտեմբեր 13-ի Յանձնումի Եւրոպական համաձայնագրին, որուն միացած է Ֆրանսա,– ենթակային յանձնումը վերջինիս համար կրնայ ունենալ բացառիկ ծանր հետեւանքներ:
Նշենք, որ Հայաստանի Եղծանման դէմ պայքարի յանձնախումբի վարած քրէական գործի շրջանակին մէջ, 2019 Նոյեմբեր 19-ին Սուրիկ Խաչատրեան ներգրաւուած էր որպէս մեղադրեալ՝ եղծանման զանազան մեղադրանքներով, եւ անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած էր բանտարկութիւնը եւ յայտարարուած՝ հետախուզում: Նախաքննութեան ընթացքին՝ Սուրիկ Խաչատրեանի Ֆրանսա գտնուելուն մասին տեղեկութիւններ ձեռք բերուած ըլլալով՝ Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը դիմած էր Ֆրանսայի, պահանջելով անոր յանձնումը։