Չինական ելեկտրական ինքնաշարժներու մեծագոյն կեդրոնը՝ Երեւանի մէջ 

ելեկտրական կառք

Հայաստան կ՚ընդլայնէ կանաչ երթեւեկութեան շուկան

Չինական ելեկտրական ինքնաշարժներու հսկայ ընկերութեան մը տեղական ներկայացուցիչը Երեւանը ընտրած է՝ Հարաւային Կովկասի մէջ իր մեծագոյն վաճառքի կեդրոնը հիմնելու համար։ Չինաստանի պետական «FAW Group»-ին կողմէ այս շաբաթ Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ բացուած մօտ 3.000 քառակուսի մեթր տարածքով այս համալիրը կ՚ընդգրկէ գլխաւոր ցուցասրահ մը, սպասարկման կեդրոն եւ ինքնաշարժներ ներկելու յատուկ բաժանմունք։ Անիկա պիտի սպասարկէ «FAW Group»-ի «Hongqi» շքեղ ապրանքանիշը։

Վերջին տարիներուն ելեկտրական ինքնաշարժները մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն Հայաստանի մէջ։ Ըստ Պետական եկամուտներու կոմիտէի տրամադրած տուեալներուն՝ նախորդ տարի հայաստանցիները ներածած են աւելի քան 13.000 ելեկտրական ինքնաշարժ։ Անցեալ տարուան Օգոստոսի աւարտին երկրին մէջ արձանագրուած էր շուրջ 23.000 ելեկտրական ինքնաշարժ, մինչ հինգ տարի առաջ այդ թիւը ընդամէնը 270 էր։ Անոնցմէ շատերը յարաբերաբար մատչելի մոտէլներ են, արտադրուած՝ Չինաստանի մէջ, որ վերջին շրջանին վերածուած է այս ոլորտի համաշխարհային առաջատարի։ Դէտերը կը նշեն, որ այս աննախադէպ աճը մասամբ պայմանաւորուած է կառավարութեան ընձեռած արտօնութիւններով, որոնք թոյլ կու տան ելեկտրական ինքնաշարժներ ներածել առանց մաքսատուրքի եւ ազատել զանոնք «աւելցուած արժէքի հարկ»-էն (ԱԱՀ)։

Կարեւոր է նշել սակայն, որ այրման շարժիչով (պենզին, տիզել, կազ) ինքնաշարժները տակաւին կը գերիշխեն Հայաստանի շուկային մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, ինքնաշարժը կը մնայ փոխադրութեան նախընտրելի միջոց երկրին մէջ, ուր լեռնային աշխարհագրութիւնը կը դժուարացնէ երթեւեկութեան այլ ձեւերը։ Քանի որ Հայաստան չունի ինքնաշարժներու տեղական արտադրութիւն, երկիրը ամբողջութեամբ կախեալ է ներածումէն։ Բացի ատկէ, աւանդական շարժիչներով ինքնաշարժներուն մեծ մասը յարմարցուած է հեղուկ կազով (LPG) աշխատելու, որ հիմնականին մէջ կը ներածուի Ռուսաստանէն։