Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան երկու ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է

Սեպտեմ­բեր 30-ին Երեւանի ընդհա­նուր իրա­ւասու­թեան դա­տարա­նը դա­տաւոր Մնա­ցական Մար­տի­րոսեանի նա­խագա­հու­թեամբ ընդառաջած է Պաշտ­պա­նու­թեան նախ­կին նա­խարար Դա­ւիթ Տօ­նոյեանը եր­կու ամիս բանտարկե­լու վե­րա­բեր­եալ Ազ­գա­յին ան­վտան­գու­թեան ծա­ռա­յու­թեան դիմումին։

Լու­րը լրագ­րողնե­րուն հա­ղոր­դած է Տօնոյեանի փաս­տա­բանը՝ Սեր­կէյ Յով­հան­նի­սեան:

Յայտնենք, թէ Պաշտ­պա­նու­թեան նախկին նախա­րա­րին դէմ եղծանման մեղա­դրանք յարու­ցուած է ռազ­մամթեր­քի մա­տակա­րար­ման չա­րաշահ­ման առնչուող քրէական գոր­ծի շրջա­նա­կին մէջ: ■