Ինը մեռեալ եւ երեք վիրաւոր՝ Ուշիի ողբերգական ինքնաշարժի արկածին
Նոյեմբեր 3-ի երեկոյեան, Հայաստանի Արագածոտնի մարզին մէջ, Ապարան-Աշտարակ ճամբուն Ուշիի ոլորաններուն վրայ տեղի ունեցած է ինքնաշարժի ծանր արկած մը, որ ինը կեանք խլած է եւ երեք ուրիշներու ալ վիրաւորուելուն պատճառ դարձած։
Արկածը պատահած է ժամը 21-ի շուրջ, երբ բեռնատար ինքնաշարժ մը եւ երեք մարդատար կառքեր բախած են իրարու։ Նախնական տեղեկութիւններով՝ ութ հոգի մահացած է, սակայն յաջորդ առաւօտ զոհերուն թիւը բարձրացած է իննի, ծանրօրէն հիւանդանոց փոխադրուածներէն մէկը մահացած ըլլալով։
Երեք վիրաւորները փոխադրուած են Երեւանի «Արմենիա» բժշկական կեդրոնը։ Նոյեմբեր 4-ի տեղեկութիւններով՝ անոնցմէ երկուքին վիճակը ծանր էր, իսկ երրորդինը՝ միջին ծանրութեան։
Ներքին գործոց նախարար Արփինէ Սարգսեանի համաձայն՝ նախնական քննութիւնը ենթադրել կու տայ, որ արկածին պատճառը բեռնատարին արգելակման դրութեան խանգարումն է։ Դէպքին առնչութեամբ քրէական քննութիւն բացուած է։
