Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» ֆիլմը պիտի ներկայացուի «Օսքար»-ի

Screenshot

Screenshot

Հայաստանի շարժանկարի ակադեմիան կը յայտնէ, որ 99-րդ «Օսքար» մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային երկար ժապաւէն» անուանակարգին մէջ Հայաստանը պիտի ներկայացնէ բեմադիր Թամարա Ստեփանեանի «Արտոյի երկիրը» ֆիլմը։

Այս ստեղծագործութիւնը արդէն իսկ արժանացած է միջազգային ուշադրութեան՝ բացումը կատարելով թէ՛ Լոքառնոյի միջազգային փառատօնին, թէ՛ ալ Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնին։

Ժապաւէնին մասին 

Սելին առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կու գայ՝ ամուսնոյն՝ Արտոյին մահը օրինականացնելու նպատակով։ Հոս ան կը բացայայտէ, որ ամուսինը ստած է իրեն. ան պատերազմի չէ մասնակցած, կորսնցուցած է իր ինքնութիւնը, իսկ նախկին ընկերները զինք դասալիք կը նկատեն։ Սելինի համար կը սկսի նոր ճամբորդութիւն մը, երբ ան կը բախի Արտոյի անցեալին՝ 2020-ի մարտերու վիրաւորներուն, 90-ականներու յաղթական հերոսամարտերու վեթերաններուն եւ անվերջանալի պատերազմի մը ձգած խոր հետքերուն։ Կինը կը հետապնդէ ուրուական մը, բայց ինչպէ՞ս հողին յանձնել զայն։ Արդեօք հանգուցեալները կրնա՞ն փրկուիլ։

Ֆիլմի բեմագրութեան հեղինակներն են՝ Թամարա Ստեփանեան, Ժան-Քրիսթոֆ Ֆեռարի, Ժան Պրեշան, Ժիհան Շուայպ եւ Ռոմի Քոչիա Տի Ֆեռօ։