Իսրայէլի հետ 3 միլիառ եւրոյի պաշտպանական համաձայնագրէն ետք՝

Գոշթա եւ Միցօ

Գոշթա (ձախին) եւ Միցոթաքիս՝ Սեպտեմբեր 3-ին, Աթէնքի հանդիպումին

Միցոթաքիս կը զգուշացնէ Անգարան

Իսրայէլի եւ Յունաստանի միջեւ կնքուած է հակաօդային պաշտպանութեան պատմական համաձայնագիր մը, որուն արժէքը կը կազմէ շուրջ 3 միլիառ եւրօ։ Օգոստոս 31-ին ստորագրուած «Աքիլլէսի վահան» (Achilles Shield) անուանումը կրող այս պայմանագիրը, ըստ Իսրայէլի Պաշտպանութեան նախարարութեան, երկու երկիրներուն միջեւ ցարդ կնքուած մեծագոյն պաշտպանական գործարքն է եւ Իսրայէլի պատմութեան ամենամեծ համաձայնագրերէն մէկը։

Ճիշդ այս հսկայածաւալ ռազմական համաձայնագրի լոյսին տակ, Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս հանդէս եկաւ Թուրքիոյ ուղղուած խիստ ազդարարութեամբ մը, որ լայն արձագանգ եւ աղմուկ բարձրացուց թրքական քաղաքական շրջանակներուն եւ մամուլին մէջ։ Թրքական լրասփիւռներն ու վերլուծաբանները սուր քննադատութեամբ հակադարձեցին անոր յայտարարութիւններուն՝ ընդգծելով, որ մինչեւ վերջերս Անգարայէն զգուշացող Միցոթաքիսը այժմ սկսած է յոխորտալ՝ ակնյայտօրէն ոգեւորուած ու գօտեպնդուած Իսրայէլի հետ կնքուած այս նոր պայմանագրով: Ըստ թրքական կողմին՝ Աթէնք կը յուսայ Իսրայէլի ռազմական աջակցութեամբ փոխել շրջանային ուժերու հաւասարակշռութիւնը, եւ ճիշդ այդ նորայայտ ինքնավստահութեամբ ալ կը փորձէ պայմաններ թելադրել։

Այս յանդուգն մթնոլորտին մէջ, Սեպտեմբեր 5-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթայի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք, Միցոթաքիս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւրոպական ուղին ուղղակի կախեալ է Աթէնքի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններէն։ “Անգարան պէտք է լաւ յարաբերութիւններ ունենայ մեզի հետ”,– շեշտեց ան։

Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ յայտարարուած «ծովային ազգային արգելոց»-ներու (parcs nationaux maritimes) հարցին՝ Յունաստանի վարչապետը պահանջեց վերջ տալ պատերազմի աշխուժ սպառնալիքներուն ու կասկածի տակ չառնել յունական ինքնիշխանութիւնը։

Պատասխանելով Յունաստանի պաշտպանական զինանոցի ընդլայնման դէմ ուղղուած թրքական քննադատութիւններուն՝ ան եզրափակեց. “Իմ հայրենիքս խաղաղասէր երկիր մըն է եւ ոեւէ մէկուն համար սպառնալիք չի ներկայացներ։ Սակայն ան ոչ մէկէն խորհուրդ պիտի ընդունի այն մասին, թէ ինչպէ՛ս պէտք է ամրապնդէ իր սեփական պաշտպանութիւնը”։