Փութինն ու Փաշինեանը Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն «Հայաստանի զարգացման ուղին եւ հաւանական հանրաքուէն»

Փաշ-Փութ

Մոսկուայի մէջ կայանալիք բարձր մակարդակի ռուս-հայկական բանակցութիւններու հիմնական նիւթերը պիտի ըլլան Հայաստանի ապագայ կողմնորոշումն ու այս հարցին շուրջ հանրաքուէի կազմակերպումը։ Այս մասին Սեպտեմբեր 7-ին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով։

“Երկու պետութիւններու ղեկավարները առիթ պիտի ունենան վերստին, բոլոր տեսանկիւններէն քննարկելու մեր երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական նիւթը՝ զարգացման ուղիի ընտրութիւնն ու Հայաստանի կողմնորոշումը, ինչպէս նաեւ համապատասխան հանրաքուէի կայացման հարցը”,– նշած է ան:

Փեսքով աւելցուցած է, որ Փաշինեանի՝ Մոսկուա կատարելիք այցին օրը տակաւին ճշդուած չէ. “Այցին յստակ թուականները պիտի ճշդուին դիւանագիտական խողովակներով՝ հաշուի առնելով պետութիւններու ղեկավարներու աշխատանքային ժամանակացոյցը”։

Յիշեցնենք, որ Մոսկուա կատարելիք իր յառաջիկայ այցին մասին Հայաստանի վարչապետը յայտարարած էր անցեալ շաբաթ, Պիշքէքի մէջ Ռուսաստանի նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք: Այդ հանդիպման ընթացքին Վլատիմիր Փութին անգամ մը եւս առաջարկած էր Եւրոպական Միութեան (ԵՄ)՝ Հայաստանի անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ կազմակերպել: Հայաստանի վարչապետն ալ պնդած էր, որ ԵՄ-ի անդամակցութեան օրէնքի ընդունումով՝ Հայաստան չէ խախտած Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ իր որեւէ պարտաւորութիւնը: “Այդ հարցը այնքան հասունցած չէ, որ դրուի համաժողովրդական հանրաքուէի. մենք այդ օրէնքը ընդունած ենք, որպէսզի հանրաքուէ չկատարենք”,– ըսած էր Փաշինեան:

* * *


ԽՄԲ. «ՆՅ»ի Հետաքրքրական է, չըսելու համար՝ տարօրինակ, որ Վլատիմիր Փութին այս աստիճան կը պնդէ հանրաքուէի կայացման վրայ։ Անկարելի է կասկածի չենթարկել այս յամառութիւնը եւ չմտածել, որ այս պահանջին ետին թաքնուած է յատուկ բեմագրութիւն մը, որուն գաղտնիքին կը տիրապետէ միայն Ռուսաստանի նախագահը։ Եթէ նկատի ունենանք, որ բազմաթիւ հարցախոյզեր ցոյց տուած են, թէ Հայաստանի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը հակի դէպի եւրոպամէտ ուղի, եւ կասկածէ վեր է, որ Փութին քաջատեղեակ է այս իրողութեան, ապա խնդրոյ առարկայ բեմագրութիւնը կրնայ յանգիլ հետեւեալ վարկածներուն. հանրաքուէի արդիւնքները վիժեցնել ընտրակեղծիքներու միջոցով, զայն օգտագործել որպէս պատրուակ՝ երկրին մէջ խժդժութիւններ հրահրելու համար, կամ պարզապէս, անոր ճշմարիտ եւ եւրոպամէտ արդիւնքին պարագային իսկ, զայն ծառայեցնել որպէս խաղաքարտ՝ ռազմավարական այլ նպատակներ արդարացնելու համար։ Ինչպէս նշեցինք, այս հարցադրումներուն ճշգրիտ պատասխանը գիտէ միայն նոյնինքն՝ Փութինը։