Թեհրան TRIPP-ի ծրագրին գծով անսպասելիօրէն նոր ու խիստ պայմաններ կը դնէ՝ երեւութապէս պահպանելով բարեացակամ դիմագիծ
Թեհրան TRIPP-ի ուղիի կառուցման վերաբերեալ անսպասելիօրէն նոր ու կոշտ պայմաններ դրած է Հայաստանին՝ միեւնոյն ժամանակ երեւութապէս պահպանելով բարեացակամ դիմագիծ։
Իրանի իշխանութիւնները պահանջած են, որ TRIPP-ի անվտանգութիւնը ապահովեն կա՛մ բացառապէս հայկական զինեալ ուժերը, կա՛մ ալ արդէն իսկ Հայաստանի տարածքին գտնուող երրորդ երկրի մը զինեալ ուժերը (ակնյայտօրէն ակնարկելով ռուսական զօրքերուն)։
Այսպէսով Թեհրան կը փորձէ բացառել ամերիկեան զօրքերու ներկայութիւնը իր սահմաններուն մօտ. հակառակ պարագային, սրուող հակամարտութեան պայմաններուն մէջ, իրանցիները օրինական թիրախ պիտի նկատեն ամերիկեան զինուորները։
Այս իրավիճակը լրջօրէն կը բարդացնէ Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ծրագրին իրագործումը։
