«Le Figaro». Հայաստանի մեծ վերադարձը համաշխարհային գինեգործութեան ասպարէզ
Screenshot
Ֆրանսական հեղինակաւոր «Le Figaro» օրաթերթը ծաւալուն յօդուածով մը անդրադարձած է հայկական գինեգործութեան վերածնունդին՝ շեշտելով, որ Հայաստան ոչ թէ պարզապէս նոր գինեգործական երկիր մը դառնալու փորձ կ՚ընէ, այլ կը վերադառնայ ոլորտ մը, որուն պատմական ակունքներէն մէկն իսկ է։
Յօդուածագիր Սթեֆան Ռենօ կը յիշեցնէ Վայոց Ձորի Արենիի քարայրին մէջ յայտնաբերուած 6100 տարի հնութիւն ունեցող գինիի արտադրամասը, որ համաշխարհային գինեգործութեան բացառիկ վկայութիւններէն է։ Օրաթերթը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ հայկական խաղողի հարուստ եւ ինքնատիպ ժառանգութեան. ներկայիս պաշտօնապէս արձանագրուած են շուրջ 400 տեղական տեսակներ, որոնց մէջ կ՚առանձնանան յատկապէս արդի գինեգործութեան խորհրդանիշ դարձած կարմիր Արենին ու սպիտակ Ոսկեհատը։
Ոլորտի ժամանակակից զարգացումը նոյնպէս տպաւորիչ է. միայն եօթը տարուան ընթացքին հայկական գինիի պիտակներուն թիւը 35-էն հասած է 165-ի։ Այս ծիրէն ներս պարբերականը կ՚առանձնացնէ յատկապէս ոլորտի առաջատարներէն «Armenia Wine» ընկերութիւնը, որ տարեկան կ՚արտադրէ շուրջ 8 միլիոն շիշ եւ հիմնած է գինիի պատմութեան հայաստանեան առաջին թանգարանը։

