Շուշիի արեւելեան գերեզմանատունը հողին հաւասարեցուած է  

Շուշի-1

Խաչքարերուն եւ տապանաքարերուն փոխարէն կոյուղի կը կառուցուի

Շուշիի արե­ւելեան գե­րեզ­մա­նատան պատ­մա­կան տա­պանա­քարերն ու 12-13-րդ դա­րերու խաչ­քա­րերը այժմ հո­ղին հա­ւասա­րեցուած են։ Այդ տա­րած­քին վրայ Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը ներ­կա­յիս կո­յու­ղիի խո­ղովակ­ներ կը տեղադրեն։

Այս պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նատան մէջ միայն հա­յեր չէին հանգչեր, այլ նաեւ Ռու­սա­կան կայսրու­թեան բարձրաս­տի­ճան պաշ­տօ­նեաներ եւ եւ­րո­պացի­ներ։ Հոն կը գտնուէր նաեւ գեր­մա­նացի փրո­ֆէսէօրի մը աղջկան՝ Սո­ֆիա-Ռե­կինա Ռիան­տե­րի տա­պանա­քարը։

Ար­ցա­խի յու­շարձան­նե­րով աւե­լի քան կէս դարէ ի վեր զբա­ղող մաս­նա­գէտ Սլա­ւա Սարգսեան, շա­տերու նման, հայ­կա­կան հետ­քե­րու յաջոր­դա­կան այս աւեր­ման մա­սին տե­ղեկա­ցած է Կով­կա­սեան ժա­ռան­գու­թեան մշտական­ դիտարկման մի­ջազ­գա­յին կեդ­րո­նի (CHW) ար­ձա­նա­գ­րութիւննե­րէն։ Կեդ­րո­նին հրա­պարա­կած ար­բա­նեակա­յին լու­սանկար­նե­րը ցոյց կու տան, որ պատ­մա­կան գե­րեզ­մա­նատունն ու խաչ­քա­րերը պուլտո­զըր­նե­րու տակ մնա­ցած են ան­ցեալ Մա­յիսին։ Մշտա­դիտար­կող խումբը կ՚ընդգծէ. եր­կու դա­րու պատ­մութիւն ու­նե­ցող եւ բազ­մա­թիւ պա­տերազմներէ վե­րապ­րած տա­պանա­քարերն ու խաչ­քա­րերը չեն կրցած դի­մանալ Շու­շիի ազեր­պայճա­նական «վե­րակա­ռուցման»։

Ար­ցա­խի Յու­շարձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան վար­չութեան նախ­կին պե­տը կը յայտնէ, որ բո­լոր խաչ­քա­րերը վկա­յագ­րուած եւ ընդգրկուած էին Ար­ցա­խի յու­շարձան­նե­րու պե­տական ցան­կին մէջ։ Յի­շեց­նենք, որ տա­րի մը առաջ ալ Ազեր­պայճա­նը հո­ղին հա­ւասա­րեցու­ցած էր Ղա­զան­չե­ցոցի հի­նաւուրց գե­րեզ­մա­նատու­նը՝ այդ տա­րած­քին վրայ օփե­րայի շէնք կա­ռու­ցե­լու պատ­րուակով։

Պատ­մա­կան գի­տու­թիւննե­րու դոկ­տոր, փրո­ֆէսէօր Համ­լէթ Պետ­րո­սեան, որ ժա­մանա­կին պե­ղումներ կա­տարած է հո­ղին հա­ւասա­րեցուած այս տա­րած­քին մէջ՝ կը նշէ, որ անի­կա շու­շե­ցինե­րուն կող­մէ ծա­նօթ էր որ­պէս հայ-ռու­սա­կան գե­րեզ­մա­նատուն։ Ըստ Պետ­րո­սեանի՝ հոն ոչ թէ երեք, այլ հինգ խաչ­քար գո­յու­թիւն ու­նէր։

Յիշեցնենք նաեւ, որ այս տա­րուան Ապ­րի­լին Պա­քուն քան­դած էր Ստե­փանա­կեր­տի Սուրբ Աս­տուածա­մօր Հո­վանի մայր տա­ճարն ու Սուրբ Յա­կոբ եկե­ղեցին՝ հիմ­նա­ւորե­լով, թէ անոնք «բռնագ­րաւման խորհրդա­նիշեր» էին։

Հնա­գէտ Համ­լէթ Պետ­րո­սեան կը շեշ­տէ, որ Ազեր­պայճա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը խնդիր ու­նին ոչ միայն 1990-ական թուական­նե­րէն ետք կա­ռու­ցուած յու­շարձան­նե­րուն հետ. անոնց գլխա­ւոր թի­րախը 18-19-րդ դա­րերու ժա­ռան­գութիւնն է, քա­նի որ զա­նոնք անհնար է «աղուանա­կանաց­նել»։ Ար­ցա­խի գիւ­ղե­րէն ու քա­ղաք­նե­րէն հայ­կա­կան հետ­քը մաք­րե­լու միակ մի­ջոցը՝ շի­նարա­րական զա­նազան նա­խագի­ծերու քօղին տակ այդ յու­շարձան­նե­րուն ոչնչա­ցումն է։

«Monument Watch» ան­կախ ակա­դեմա­կան հար­թա­կի գի­տական ղե­կավա­րի պաշ­տօ­նը վա­րող Պետ­րո­սեան յու­սա­հատօ­րէն կ՚աւելցնէ, որ այ­լեւս չի գի­տեր, թէ որո՛ւն կը հասցէագրուին եւ ի՛նչ նպա­տակով կը հնչե­ցուին յու­շարձան­նե­րու ոչնչաց­ման այս ահա­զան­գե­րը։ Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մի­տում չու­նին զբա­ղելու Ար­ցա­խի յու­շարձան­նե­րու հար­ցով. վար­չա­պետ Նի­կոլ Փա­շինեանի հիմ­նա­ւորումնե­րէն մէկն այն է, որ պէտք է շրջա­հայեաց ըլ­լալ, քա­նի որ նման նիւ­թե­րը «երկսայ­րի սուր» են։

Հա­կառակ ասոր, Համ­լէթ Պետ­րո­սեան հա­մոզուած է, որ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութիւ­նը փրկե­լու ուղղու­թեամբ ահա­զան­գելն ու ձայն բարձրաց­նե­լը բնաւ չեն վտան­գեր խա­ղաղու­թեան օրա­կարգը։ ■