Պապին հովուական այցելութիւններուն քաղաքական տարողութիւնը

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Հռոմի Պա­պին Ֆրան­սա կա­տարած չորսօրեայ այցելու­թիւնը խիստ յա­գեցած էր։ Ընդգրկե­լով երեք քա­ղաք՝ Փա­րիզ, Լուրտ եւ Մեց, իւ­րա­քան­չիւր հանգրուանի ան յա­տուկ պատ­գամ մը կը փո­խան­ցէր, որուն կրօ­նական ու բա­րոյա­կան բո­վան­դա­կու­թիւնը կը կրէր հզօր քա­ղաքա­կան տա­րողու­թիւն մը՝ յան­դուգն եւ ճա­կատա­յին կեր­պով հա­կադ­րուելով Արեւ­մուտքի եւ Արե­ւել­քի ղե­կավար­նե­րուն մօտ յա­ճախ տի­րող տրա­մաբա­նու­թեան։ Այդպէս, շեշ­տադրուեցան՝ խա­ղաղու­թեան հրա­մա­յա­կանը, սպա­ռազի­նու­թեան մրցա­վազ­քի կա­սեցու­մը, մի­ջազ­գա­յին օրէն­քի յար­գանքը, ազ­գե­րու եւ սե­րունդնե­րու մի­ջեւ երկխօ­սու­թիւնը, գաղ­թա­կան­նե­րուն ու աղ­քատնե­րուն աջակ­ցութիւ­նը, որոնումի մէջ գտնուող երի­տասար­դութեան հետ երկխօ­սու­թիւնը, ռազ­մա­կան ար­դիւնա­բերու­թեան տրա­մադ­րուող գու­մարնե­րուն յատ­կա­ցու­մը ան­կեալ­նե­րուն, հի­ւանդնե­րուն եւ անօ­թեւան­նե­րուն, կա­թողի­կէ եկե­ղեցա­կան­նե­րու կող­մէ սե­ռային բռնու­թեան են­թարկուած զո­հերուն հան­դէպ եկե­ղեց­ւոյ պա­տաս­խա­նատւու­թեան ստանձնումն ու անոնց ապա­քին­ման հա­մար մի­ջոց­նե­րու տրա­մադ­րումը, մարդկա­յին թրա­ֆիքին­կի (մաք­սա­նենգ­նե­րու) դէմ պայ­քա­րը, միջկրօ­նական երկխօ­սու­թեան հաս­տա­տու­մը, գի­տու­թիւնը մարդկու­թեան ի սպաս դնե­լու անհրա­ժեշ­տութիւ­նը, ինչպէս նաեւ՝ ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան ապա­հով ու պա­տաս­խա­նատու զար­գա­ցու­մը։

Իր այ­ցե­լու­թեան վեր­ջին օրը՝ Սեպ­տեմբեր 28-ին, Սրբա­զան Քա­հանա­յապե­տը, Ֆրան­սա­յի նա­խագահ Էմա­նիւէլ Մաք­րո­նի եւ Ֆրան­սա­յի Եպիս­կո­պոսաց հա­մաժո­ղովի նա­խագահ կար­դի­նալ Ժան-Մարք Ավ­լի­նի կող­քին, մաս­նակցե­ցաւ Մե­ցի Ռո­պէր-Շու­ման հա­մագու­մարնե­րու կեդ­րո­նին մէջ կազ­մա­կեր­պուած «Եւ­րո­պայի ար­մատնե­րը՝ յա­նուն խա­ղաղու­թեան եւ միու­թեան» խո­րագ­րեալ հան­դի­պու­մին։ Այս քա­ղաքի ընտրու­թիւնը խիստ յատ­կանշա­կան է. դա­րեր շա­րու­նակ Ֆրան­սա­յի եւ Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ վէ­ճի առար­կայ հան­դի­սացած Մե­ցը 1945-ին վերջնա­պէս ֆրան­սա­կան դար­ձաւ եւ այ­սօր կը խորհրդան­շէ եւ­րո­պական կա­ռու­ցումն ու ան­ցեալի պա­ռակ­տումնե­րը խա­ղաղու­թեան եւ գոր­ծակցու­թեան ու­ղի­ներու վե­րածե­լու հո­լովոյ­թը։ Պա­պը դրուատեց Ռո­պէր Շու­մա­նի վաս­տա­կը, որ 1950-ի հռչա­կագրով դրաւ ժա­մանա­կակից միացեալ Եւ­րո­պայի հիմ­քե­րը, որուն ինքնու­թիւնը կեր­տուած է յու­նա­կան քա­ղաքակրթու­թե­նէն մին­չեւ քրիս­տո­նէու­թիւն եր­կա­րող ժա­ռան­գութեամբ։ «Ռո­պէր Շու­ման նպաս­տեց հիմ­քե­րը դնե­լու այնպի­սի Եւ­րո­պայի մը, որ գի­տակից էր զինք պա­ռակ­տող պա­տերը քան­դե­լու հրա­մայա­կանին։ Իր քրիս­տո­նէական կազ­մա­ւորու­մը անոր ջամ­բեց առանց ցե­ղի կամ ըն­կե­րային դա­սակար­գի խտրու­թեան՝ հա­ւասա­րու­թեան ար­ժէ­քը, ինչպէս նաեւ՝ աշ­խա­տան­քի ար­ժա­նապա­տւու­թիւնը։ Ազ­գա­յին պատ­կա­նելիու­թեան փո­փոխու­թիւններն ու իշ­խա­նու­թիւննե­րու յա­ջոր­դա­կանու­թիւնը անոր սոր­վե­ցու­ցին մի­ջազ­գա­յին իրա­ւունքի կա­րեւո­րու­թիւնն ու տրուած խօս­քին ար­ժէ­քը։ Ընդդի­մանա­լով գո­ռոզու­թեան ու վրէժխնդրու­թեան մթնո­լոր­տին, Շու­ման լծուեցաւ իրա­րու դէմ եր­կա­րատեւ պայ­քար մղած ժո­ղովուրդնե­րու մի­ջեւ խա­ղաղու­թեան եւ եղ­բայրու­թեան հաս­տատման, որոնք ի վեր­ջոյ անդրա­դար­ձան, թէ մէկզմէկու կարիքն ունին»,– ընդգծեց Սրբա­զան Հայ­րը։ Ապա, անդրա­դառ­նա­լով Շու­մա­նի աւան­դին, ան հաս­տա­տեց, թէ անոր գլխա­ւոր պատ­գա­մը խա­ղաղու­թեան խոր իղձն է, «որ այ­սօր կրկին այժմէական կը դառ­նայ՝ Եւ­րո­պայի մէջ պա­տերազ­մի վե­րադար­ձին լոյ­սին տակ»։

Չորսօ­րեայ այս այ­ցե­լու­թիւնը ար­ժա­նացաւ բազ­մա­հազար հա­ւատա­ցեալ­նե­րու եւ հա­մակիր­նե­րու հիացու­մին ու ջեր­մե­ռան­դութեան։ Երե­ւոյթ մը, որ ի յայտ կը բե­րէ հան­րա­յին կար­ծի­քին մէջ ու­ղե­նիշի կո­րուստն ու ամուր յե­նարա­նի մը ան­յե­տաձ­գե­լի կա­րիքը՝ պա­տերազ­մի սպառ­նա­լիք­նե­րու, ըն­կե­րային տագ­նապնե­րու, տնտե­սական դժուարու­թիւննե­րու եւ հա­սարա­կական ար­ժէքնե­րու խարխլման դիմաց։

Սրբա­­զան Քա­­հանա­­յապետ Լե­­ւոն ԺԴ.-ի շօ­­շափած թե­­մանե­­րը ան­­մասն չեն ձգեր նաեւ հա­­յու­­թիւնը։ Դա­­րերէ ի վեր, Հա­­յաս­­տա­նը եղած է պա­տերազմնե­րու, աւե­րածու­թիւննե­րու, հարստա­հարու­թեան եւ գաղ­թի թա­տերա­բեմ։ Սեպտեմբեր 27-ը Արցախի պատերազմի տարելիցն է՝ ազգային նոր աղէտի մը սկիզբը նշող թուական մը։ Ցանկալի պիտի ըլլար, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինն ու Վեհափառ Հայրապետը եւս առաջնորդուէին խաղաղութեան այս որոնումով եւ արծարծէին հասարակական ու բարոյական բազմաթիւ հարցեր՝ Հա­յաստանի կառավարութեան գործակ­ցու­թեամբ՝ հասարակութեան ու երիտասար­դու­թեան հետ երկխօսութիւն հաս-տա­տե­լով։ Նման շար­ժընթա­ցի մը բա­ցա­կա­յու­թեան պայ­ման­նե­րուն մէջ, մենք հիա­ցու­մով կը հե­տեւինք Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի գոր­ծունէու­թեան։

Ժ.Չ. ■