Ի Տէր հանգեաւ Փարիզի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նախկին ժողովրդապետ Հայր Յովսէփ ծ. վրդ. Քէլէկեանը
Խոր ցաւով կը գուժենք Զմմառեան միաբանութեան նուիրեալ անդամ եւ Փարիզի Հայ կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ նախկին ժողովրդապետ՝ Գերյ. Տ. Յովսէփ ծ. վրդ. Քէլէկեանի մահը, որ պատահեցաւ Սեպտեմբեր 29-ի յետմիջօրէին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք։
Ծնած է 1950-ին Լիբանան՝ Մեծ եղեռնէն վերապրած ընտանիքի մը յարկին տակ։ Ուսումը ստացած է Զմմառի դպրեվանքին, ապա՝ 1965-էն սկսեալ Հռոմի Լեւոնեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք հետեւած է Հռոմի Արեւելեան կաճառի եկեղեցական կանոնագիտութեան դասընթացքներուն։ Քահանայ ձեռնադրուած է 1973-ին Պէյրութի մէջ՝ ձեռամբ Ամենապատիւ Պաթանեան պատրիարքի։
Լիբանանի մէջ զանազան պաշտօններ (փոխ-ժողովրդապետ, ապա Զմմառի վանքի փոխ-մեծաւոր եւ մեծաւոր) վարելէ ետք, ան 1990-ին նշանակուած է Փարիզի Հայ կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ երկար տարիներ նուիրուելով ֆրանսահայ համայնքի հոգեւոր ծառայութեան։ Իր առաքելութիւնը զինք առաջնորդած է նաեւ Հռոմ, Երուսաղէմ եւ Հայաստան։
Հմուտ ուսումնական, հայոց պատմութեան ու մշակոյթի մեծ սիրահար Հայր Յովսէփը կանոնաւոր կերպով մասնակցած է ֆրանսական «France 2» հեռատեսիլի «Chrétiens Orientaux» յայտագրին՝ ներկայացնելով հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, իսկ Հռոմ կեցութեան տարիներուն աշխատակցած է Ռատիօ Վատիկանին՝ յատկապէս ապահովելով կիրակնօրեայ քարոզները։ Փարիզի ծխականները միշտ պիտի յիշեն հայկական շարականներն ու ժողովրդական երգերը կատարող անոր ձայնն ու ջերմ, բարեկամական ներկայութիւնը։
Վերջին տարիներուն ան կը բնակէր Փարիզի մերձակայքը (Վալ տ՚Ուազ — 95) գտնուող Հայկական ծերանոցին մէջ։ Անոր վախճանումը ծանր կորուստ է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ բոլոր անոնց համար, որոնք ճանչցան զայն ու վայելեցին անոր հայրական մօտիկութիւնը։
