Համահայկական 9-րդ ամառնային խաղերը՝ 2027 Օգոստոս 3-15

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի Գործադիր մարմինը ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի Գործադիր մարմինը ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի Գործադիր մարմինը որոշած է Համահայկական 9-րդ ամառնային խաղերը կայացնել 2027 Օգոստոս 3-15-ին։ Բացման հանդիսութիւնը նախատեսուած է Օգոստոս 5-ին՝ Գիւմրիի Վարդանանց հրապարակին վրայ, իսկ փակման հանդիսութիւնը՝ Օգոստոս 15-ին Երեւանի մէջ. մայրաքաղաքի ճշգրիտ վայրը պիտի որոշուի հետագային։ Որոշումները կայացուած են Սեպտեմբեր 18-ին Երեւանի մէջ գումարուած Գործադիր կոմիտէի նիստին։

Նիստին քննարկուած է նաեւ խաղերու մարզական յայտագիրը ընդլայնելու հարցը։ Առաջարկուած է աւելցնել ինը նոր մարզաձեւ, որոնց շարքին՝ թրիաթլոն, մարաթոն, ռըկպի, ժայռամագլցում, կանանց ֆութսալ, տարթ, խոտի հոքէյ եւ այլ մարզաձեւեր։ Վերջնական որոշումը, սակայն, յետաձգուած է՝ հարցին Նոյեմբեր 1-էն ետք վերադառնալու պայմանով։

Գործադիր կոմիտէն նաեւ անդրադարձած է խաղերու մասնակիցներուն համար նախատեսուող Համահայկական աւանի կառուցման նախապատրաստական աշխատանքներուն, քաղաքային կոմիտէներու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական եւ նիւթական հարցերու։ Փաստաթուղթին համաձայն՝ այդ աշխատանքներուն մէկ մասը արդէն ընթացքի մէջ է։

Միաժամանակ որոշուած է, որ 9-րդ խաղերուն մասնակցութեան դիմումներու ներկայացման պայմանաժամը ըլլայ 2027 Յուլիս 1-ը։ 

Նիստին օրակարգին մաս կազմած են նաեւ նախորդ խաղերէն մնացած գոյքի, մշտական ու մասնագիտական յանձնախումբերու կազմաւորման, կազմակերպչական աշխատանքներու եւ Համահայկական խաղերու պատմութեան նուիրուած գիրքի պատրաստութեան հարցերը։