«Նոր Ուքրաինա»-յի սպառնալիքը
Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Իրանի պետական հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին՝ Հայաստանի արտաքին քաղաքական շրջադարձը վտանգաւոր նկատած է՝ զայն համեմատելով Ուքրաինայի անցած ճանապարհին հետ։ Ըստ անոր, այս ընտրութիւնը կրնայ ծանր գին ունենալ, եւ Հայաստան կրնայ բախիլ խոր ճգնաժամի։
Ռուսական քաղաքական մտածողութեան մէջ «Ուքրաինա» եզրոյթը շատոնց վերածուած է նախազգուշացման։ Անիկա կը խորհրդանշէ ռուսական ազդեցութենէն դուրս գալու եւ Արեւմուտքին մերձենալու փորձերը, որոնց պատմական հետեւանքները (պատերազմներ, տարածքային կորուստներ) յայտնի են բոլորին։ Մոսկուան յետխորհրդային տարածքը կը շարունակէ դիտել իբրեւ իր բացառիկ ազդեցութեան գօտին, ուր դաշնակիցներու ընտրութեան ազատութիւնը ստորադասուած է ռուսական շահերուն, ինչպէս ցոյց տուաւ նաեւ Վրաստանի փորձը։
Իրականութեան մէջ, Հայաստան կը վերաձեւէ իր արտաքին քաղաքականութիւնը (ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու խորացումով), քանի որ 2020 թուականէն ետք Ռուսաստանի հետ անվտանգային եւ տնտեսական գործակցութիւնը դարձաւ անվստահելի։ Մոսկուան Հայաստանի այս անկախացումը կ՚ընկալէ իբրեւ իր դիրքերու նահանջ՝ ատիկա թարգմանելով սպառնալիքի լեզուով։
Յատկանշական է թիրախային հարթակի ընտրութիւնը։ Մետվետեւ Հարաւային Կովկասը պառակտող արտաքին ուժերու մասին կը խօսի իրանեան հեռատեսիլին ե՛ւ՝ հեռատեսիլէն, ճիշդ այն օրերուն, երբ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թեհրան կը գտնուի՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր քննարկելու։
Այս բարդ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ Հայաստան ստիպուած է հաշուի նստելու իր աշխարհագրութեան հետ՝ պահպանելով կայուն յարաբերութիւններ Իրանի եւ Ռուսաստանի հետ, միաժամանակ կառավարելով Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի դրացնութիւնը։ Սակայն աշխարհագրութիւնը չի կրնար վերացնել անկախ որոշումներ կայացնելու Հայաստանի իրաւունքը։
Արեւմտեան ընտրութեան ռազմավարական նպատակը պարզապէս արտաքին կախուածութեան մէկ աղբիւրը միւսով փոխարինելը չէ, այլեւ՝ այլընտրանքներու ստեղծումն ու պետութեան դիմադրողականութեան ամրապնդումը։ Ի վերջոյ, «նոր Ուքրաինա»-յի սպառնալիքին Հայաստանի լաւագոյն պատասխանը աւելի ուժեղ ու կայուն պետականութեան կերտումն է, ուր արտաքին քաղաքական որոշումներու կեդրոնը կը մնայ բացառապէս Երեւանը։
Աղբիւր՝ 1in.am, 2026 Հոկտեմբեր 4
Արամ ԱՄԱՏՈՒՆԻ
