Դաշնակահար Ժան-Փօլ Գասպարեան Հոկտեմբեր 9-ին՝ «Կաւօ» սրահին մէջ

JPG

Crédit photo : Lisa Ono

Հայկական արմատներէն մինչեւ լիրիկական մեղեդիներ

2024-ին Ժան-Փօլ Գասպարեան հայկական երաժշտութեան նուիրուած ձայնասկաւառակ մը հրապարակեց, ուր մէկտեղուած էին Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի եւ Առնօ Բաբաջանեանի, ինչպէս նաեւ իր հօր՝ դաշնակահար եւ երգահան Ժերար Գասպարեանի ստեղծագործութիւնները։ Իսկ այժմ, «Naïve» հրատարակչատան կողմէ 2026 Սեպտեմբեր 25-ին լոյս տեսած «A Night at the Opera» նոր ալպոմով, երաժիշտը կը շարունակէ իր երգացանկի պրպտումները՝ այս անգամ կեդրոնանալով Վերտիի, Պելլինիի եւ Վակների օփերաներուն վրայ, որոնք դաշնակի համար մշակուած են Լիսթի եւ Թալպերկի կողմէ։ Ան այս նոր յայտագրին մէկ մասը փարիզեան հանրութեան պիտի ներկայացնէ Հոկտեմբեր 9-ին՝ «Կաւօ» սրահին մէջ։

Երգիչներու եւ նուագախումբի համար յօրինուած ստեղծագործութիւն մը դաշնակով հնչեցնելը երեւակայութեան կողքին կը պահանջէ կատարողական բարձր վարպետութիւն։ Այս փոխադրումներուն եւ համադրումներուն մէջ մեղեդիները կը վերամշակուին, կը զարգանան ու կը կերպարանափոխուին՝ ստեղնաշարին վրայ իրենց ուրոյն տեղը գտնելու համար։ Այս պարագային, մէկ մենակատար ինքնին պէտք է վերարտադրէ երաժշտական բնագրին բոլոր ձայներն ու ելեւէջներու հակադրութիւնները։ «Կաւօ» սրահին մէջ Ժան-Փօլ Գասպարեան պիտի նուագէ Լիսթի մշակումները՝ ներշնչուած «Այտա», «Թրուպատուր» (Il trovatore), «Ռիկոլեթօ» եւ «Տոն Գարլոս» օփերաներէն։ Երեկոյթին առաջին բաժինը պիտի յատկացուի Շոփէնին, մասնաւորապէս ընդգրկելով երրորդ Պալլատը, թիւ 64 վալսերն ու «Հերոսական» փոլոնէզը։

Դաշնակահարը կանոնաւոր կերպով ելոյթներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, ուր սերտ կապեր կը պահպանէ շարք մը երաժշտական կազմերու հետ։ Մայիս 2023-ին ան հոն կատարեց Խաչատրեանի դաշնակի քոնչերթօն՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին ընկերակցութեամբ, ղեկավարութեամբ Սերգէյ Սմբատեանի։ Իսկ վերջերս՝ տարւոյս Մարտ 13-ին, Ֆրանսախօսութեան նուիրուած երեկոյթի մը առիթով, ան կրկին բարձրացաւ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահի բեմը՝ նուագելով Սէն-Սանսի երկրորդ քոնչերթօն, այս անգամ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբին հետ եւ խմբավարութեամբ Ժան-Գլօտ Գազատեսուսի։ Երեք օր ետք, «Կոմիտաս» Սենեկային երաժշտութեան տան մէջ ան բեմը կիսեց ջութակահարուհի Անուշ Նիկողոսեանի հետ՝ յայտագրին վրայ ունենալով Պրամսի, Գլարա Շումանի եւ Փրոքոֆիեւի ստեղծագործութիւնները։ Այս բազմաթիւ գործակցութիւնները Հայաստանի հետ իր ունեցած կապը կը վերածեն միացեալ երաժշտական կենդանի փորձառութեան մը։

Այդ կապը իր արտացոլումը կը գտնէ նաեւ անոր ձայնագրութիւններուն մէջ։ Հեղինակաւոր «Diapason d’or» մրցանակին արժանացած «Origins» ձայնասկաւառակը կարելիութիւն ընձեռած էր դաշնակահարին իրարու կամրջելու հայ երգահաններու քանի մը սերունդ։ Արձանագրուած ստեղծագործութիւններու շարքին կային Ժերար Գասպարեանի երկու գործերը՝ ներշնչուած Սայեաթ-Նովայի տաղերէն, ինչ որ իւրայատուկ միջոց մըն էր փոխանցելու երաժշտական այն պատմութիւնը, որուն իր իսկ ընտանիքը կը շարունակէ իր նպաստը բերել։ «A Night at the Opera» ալպոմով երգեցիկ ձայնը կը շարունակէ ներկայ մնալ՝ այս անգամ այլ տարազով։ Հայկական երգերէն ետք, կարգը լիրիկական բեմի մեղեդիներունն է, զորս Ժան-Փօլ Գասպարեան կը հնչեցնէ իր նուագարանին ընդմէջէն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 9, ժամը 20.30-ին, «Կաւօ» սրահ (salle Gaveau), 45 rue La Boétie, Paris 8ᵉ։