Թուրքիա–Ազերպայճան յարաբերութիւններ

Ի՞նչ կայ Թուրքիա–Ազերպայճան վերջին լարումին ետին

Գլխաշորի հարցէն մինչեւ Իսրայէլ, Արցախեան պատերազմն ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ տարակարծութիւնները ի յայտ կը բերեն Անգարա–Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ ուժերու անհաւասարութեան շուրջ աւելի խոր խնդիր մը

Նէյթ Օսթիլըր եւ Ռաֆիկ Շահպազով — 7 Հոկտեմբեր 2026

Ստորեւ թարգմանաբար եւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք OC Media (Open Caucasus Media)-ի վերլուծութիւնը։ OC Media-ն 2017-ին հիմնուած, քաղաքականապէս անկախ անգլիալեզու լրատուական հարթակ մըն է, որ կը լուսաբանէ Հարաւային եւ Հիւսիսային Կովկասը՝ լուրերու կողքին հրապարակելով նաեւ տարածաշրջանի քաղաքական, ընկերային եւ հակամարտութիւններուն վերաբերող խորքային վերլուծութիւններ։ Իր իսկ բնորոշումով՝ խմբագրութիւնը կը գործէ քաղաքական անկախութեան սկզբունքով եւ կը ձգտի սահմաններ ու համայնքներ հատող, ճշգրիտ լրատւութեան։ 

«Մէկ ազգ, երկու պետութիւն»․ այսպէս կը բնորոշէր Ազերպայճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի անքակտելի յարաբերութիւնները։

Ազերպայճանի անկախութենէն ի վեր անցած տասնամեակներուն Թուրքիա եղած է Պաքուի ամէնէն զօրաւոր եւ հետեւողական դաշնակիցը՝ համագործակցութեան ամենատարբեր մարզերուն մէջ։ Թէեւ Թուրքիա հերքած է, որ ուղղակի մասնակցած է Արցախեան երկրորդ պատերազմին, Ազերպայճանին տրամադրուած թրքական պաշտպանական աջակցութիւնը, Իսրայէլէն ստացուած զէնքերուն հետ միասին, կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի նկատմամբ Ազերպայճանի յաղթանակին մէջ։

Սակայն վերջին օրերուն երկար ժամանակ թաքուն մնացած լարումնները ջուրի երես ելած են։ Անոնց կեդրոնին՝ Ազերպայճանի մէջ կրօնական ազատութիւններու սահմանափակումներն են, Պաքու–Իսրայէլ սերտ յարաբերութիւններուն նկատմամբ Անգարայի դժգոհութիւնը եւ Արցախեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ ցուցաբերած աջակցութեան շուրջ ծագած հարցերը։ Աւելի խոր դիտարկումով՝ այս վէճը նաեւ ի յայտ բերած է Ազերպայճանի հետզհետէ աւելի ինքնավստահ աշխարհաքաղաքական դիրքաւորումը եւ Թուրքիոյ՝ «մեծ եղբօր» իր դերը պահպանելու ձգտումը։

«Մեր եղբայր երկիր Ազերպայճանի մէջ գլխաշորի արգելք»

Վերջին լարումին անմիջական պատճառը, ըստ երեւոյթին, Ազերպայճանի դպրոցներուն մէջ իսլամական գլխաշորի գործածութեան վիճայարոյց սահմանափակումներու կիրարկումն է։

Ազերպայճանի իշխանութիւնները շատոնց փորձած են սահմանափակել դպրոցներուն մէջ գլխաշորի գործածութիւնը, եւ հարցը ներքին քաղաքականութեան ամենազգայուն նիւթերէն մէկը եղած է։ 2010-ին իշխանութիւնները բողոքներու հետեւանքով յետքայլ ըրած էին նման արգելքի մը որոշումէ ետք։ Թուրքիոյ մէջ եւս գլխաշորի նման սահմանափակում կար մինչեւ 2014, սակայն նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այնուհետեւ ինքզինք ներկայացուցած է իբրեւ մահմետական կիներու՝ իրենց կրօնը բացայայտօրէն դաւանելու, ներառեալ գլխաշոր կրելու իրաւունքի պաշտպան։

Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ունեցած իր ելոյթին մէջ Էրտողան քննադատած էր դպրոցներուն մէջ գլխաշորի սահմանափակումները՝ զանոնք որակելով «յարձակում կիներու ամենահիմնական իրաւունքներուն վրայ» եւ հարցը կապելով «իսլամատեացութեան» հետ, որ ըստ իրեն՝ «ժանտախտի նման կը տարածուի Արեւմուտքի մէջ»։ Էրտողան անունով չէր յիշատակած Ազերպայճանը, սակայն շատեր այդ խօսքերը համարած էին Պաքուին ուղղուած։

Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլն ու Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան (AKP) հետ կապ ունեցող քաղաքական գործիչներ եւս դատապարտած են որոշումը՝ Էրտողանին կոչ ուղղելով հարցը բարձրացնելու Իլհամ Ալիեւի հետ։ Միաժամանակ, Թուրքիոյ կրօնական կազմակերպութիւններ բողոքի ցոյցեր կազմակերպած են Պոլսոյ մէջ Ազերպայճանի հիւպատոսարանին առջեւ՝ պահանջելով յետս կոչել սահմանափակումները։ Ցոյցերու որոշ բանախօսներ աւելի առաջ երթալով՝ կասկածի տակ դրած են նոյնիսկ «եղբայրական ժողովուրդներու» մասին տարիներէ ի վեր կրկնուող պատմութիւնը։

Ցոյցին ընթացքին գրականագէտ Ահմէթ Քերիմ Արթուք ըսած է, թէ լրասփիւռներուն մէջ «մեր եղբայր երկիր Ազերպայճանի մէջ գլխաշորի արգելք» ձեւակերպումը չի համապատասխաներ իրականութեան։

Ան շարունակած է․ «Իր աշխարհիկ բռնատիրութեան, իսլամատեացութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան մէջ սիոնական ճնշողներուն հետ գործակցութեան պատճառով այս իշխանութիւնը չի կրնար մեր եղբայրը ըլլալ։ Պաքուի իշխանութիւնը Կազայի մէջ մեր նահատակներուն արեան վրայ աւելցուց նաեւ գլխաշոր կրող մեր ազերպայճանցի քոյրերուն արցունքները»։ Այսպէսով, ան գլխաշորի հարցը կապած է Ազերպայճանի՝ Իսրայէլի հետ երկարամեայ սերտ յարաբերութիւններուն՝ Անգարա–Պաքու յարաբերութիւններու ամէնէն փշոտ հարցերէն մէկուն։ 

Ազերպայճանի սերտ կապերը Իսրայէլի հետ

Կազայի պատերազմի սկիզբէն ի վեր Ազերպայճան-Իսրայէլ սերտ յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի վիճայարոյց դարձած են։ Մինչ մահմետական աշխարհի մեծ մասը, ներառեալ Թուրքիան, դատապարտած է պատերազմը եւ իսրայէլեան ռմբակոծումներուն հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցի խաղաղ բնակիչներու մահը, Ազերպայճան չէ միացած այդ դիրքորոշումին։

Պաքուի համար իսրայէլեան զէնքերը կարեւոր դեր ունեցած են ազերպայճանական բանակի արդիականացման մէջ, իսկ Իսրայէլի համար Ազերպայճանի հանածոյ վառելանիւթերը կը շարունակեն կարեւոր տեղ գրաւել ներածումներուն մէջ։ Երկու երկիրներն ալ իրենց սերտ կապերը կը ներկայացնեն իբրեւ կրօնական հանդուրժողութեան վկայութիւն։

Սակայն թուրք կրօնական գործիչներուն՝ գլխաշորի սահմանափակումներն ու Ազերպայճան-Իսրայէլ դաշինքը իրարու կապող յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ հարցը բնաւ փակուած չէ։

Թրքական կրօնական իրաւունքներու Özgür-Der կազմակերպութեան հիմնադիր Հիւլիա Շեքերճի Հոկտեմբեր 3-ի ցոյցին յայտարարած է․ «Պաղեստինի մէջ մեր դիմադրութիւնն ու Ազերպայճանի մէջ գլխաշոր կրելու իրաւունքին համար մեր պայքարը մէկ ու նոյն պայքարն են»։

Ան նաեւ ըսած է․ «Մենք երբեք չենք կրնար եղբայրական պետութիւն կոչել այն իշխանութիւնը, որ կը շարունակէ նստիլ մարդասպան Նեթանիահուի դիմաց, երբ անոր դէմ բողոքներ կ՚ըլլան եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի դահլիճները կը դատարկուին, եւ որ ռազմավարական գործընկերութիւն կը զարգացնէ սիոնական մարդասպաններու հետ»։

Շեքերճի կ՚ակնարկէր Սեպտեմբերին տեղի ունեցած մէկ այլ վիճայարոյց դէպքի, երբ Ազերպայճանի ներկայացուցիչը մնացած էր ՄԱԿ-ի դահլիճին մէջ՝ լսելու Նեթանիահուի ելոյթը, մինչ տասնեակ պատուիրակներ ի նշան բողոքի հեռացած էին։

Այլ միջնորդներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ Ազերպայճան փորձած է միջնորդի դեր կատարել Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ։ 2025-ին Պաքու հիւրընկալած էր թուրք եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու բանակցութիւններ՝ Սուրիոյ շուրջ տարակարծութիւններուն պատճառով։

2026 Օգոստոսին իսրայէլեան Ynet լրասփիւռը, վկայակոչելով աղբիւրներ, հաղորդած էր, որ երկու երկիրներուն միջեւ լարումը մեղմելու Ազերպայճանի ջանքերը կը շարունակուին «վարագոյրին ետեւ»։

Ազերպայճանցի անանուն պաշտօնատար մը, ըստ Ynet-ի, ըսած էր․ «Իսրայէ՛լ ու Թուրքիա՛ ձեր խելքը՞ կորսնցուցիք։ Դուք մեր բարեկամներն էք, Թուրքիան ալ մեր բարեկամն է։ Ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ Աստուած մի արասցէ, իրարու դէմ պատերազմի մտնէք։ Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է անմիջապէս մեղմել լարումը»։

Թուրքիոյ մէջ Ազերպայճանի՝ Իսրայէլի հետ առեւտրական կապերուն ուղղուած քննադատութիւններուն զուգահեռ, ազերպայճանական իշխանամէտ APA լրատու գործակալութիւնը հրապարակած էր յօդուած մը՝ փորձելով ցոյց տալ, որ Թուրքիա-Իսրայէլ առեւտուրը կը շարունակուի, մասնաւորաբար՝ թրքական սեփականութիւն հանդիսացող նաւերով, որոնք այլ երկիրներու դրօշներով բեռներ կը հասցնեն իսրայէլեան նաւահանգիստներ։ Յօդուածը յետոյ, ըստ երեւոյթին, ջնջուած էր, ապա յաջորդ օրը դարձեալ հրապարակուած։

Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիոյ աշխարհիկ շրջանակներուն մէկ մասը Ազերպայճանի՝ Իսրայէլի հետ կապերուն աւելի դրական կը նայի։

Օրինակ՝ ծանօթ թուրք լրագրող Եըլմազ Էօզտիլ պնդած է, որ Պաքուի դիւանագիտական մօտեցումը Իսրայէլի նկատմամբ աւելի արդիւնաւէտ եղած է, քան Անգարայինը։ Ան նաեւ շեշտած է, թէ Արցախը վերահսկողութեան տակ առնելու համար Ազերպայճան ապաւինած է իսրայէլեան, այլ ոչ թէ թրքական զէնքերու։

Ազերպայճանի տարածաշրջանային ձգտումները

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը առաջին անգամը չէ, որ տարակարծութիւններ կը ստեղծէ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ։

2009-ին՝ հայ-թրքական «ֆութպոլային դիւանագիտութեան» շրջանին, Թուրքիա–Ազերպայճան յարաբերութիւնները զգալիօրէն վատթարացած էին, թէեւ լարումը հետագային մեղմացած էր։

2020-ի Արցախեան երկրորդ պատերազմը աւելի ամրապնդեց Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի ռազմավարական գործընկերութիւնը, երբ Անգարա մեծապէս զօրավիգ կանգնեցաւ Պաքուին։ Թուրքիա 1993-ին արդէն փակած էր Հայաստանի հետ իր սահմանը՝ Արցախեան հակամարտութեան պատճառով, եւ երկար ժամանակ կը պնդէր, որ սահմանը պիտի չվերաբացուի առանց Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացի։

Սակայն վերջին շրջանին Ալիեւ սկսած է պատերազմին մասին աւելի՛ «ինքնակեդրոն խօսոյթ» մը ներկայացնել։ Հոկտեմբերի սկիզբը ան յայտարարած էր․ «Մենք [յաղթանակը] ամբողջութեամբ մեր ուժերով ձեռք բերինք»։

«Բոլորին ետին հզօր հովանաւոր մը կայ, ոմանց ետին՝ նոյնիսկ քանի մը հատ։ Բայց մենք առանձին էինք»,– ըսած էր Ալիեւ։

Աւելի ուշ նոյն ելոյթին մէջ ան դարձեալ շեշտած էր․ «Երբ օգնութեան կարիք ունէինք, ոչ ոք մեզի օգնեց»։

Այս խօսքերը կտրուկ կը հակադրուին իր իսկ 2020 Դեկտեմբերին՝ պատերազմէն անմիջապէս ետք ըսածին․ «Պատերազմի առաջին օրերէն, աւելի ճիշդ՝ առաջին իսկ ժամերէն, մենք զգացինք Թուրքիոյ աջակցութիւնը»։

Այն ատեն Ալիեւ նաեւ ըսած էր․ «[Էրտողան] յայտարարեց, որ Ազերպայճան առանձին չէ եւ Թուրքիա միշտ Ազերպայճանի կողքին է»։

2024-ին Էրտողանն ալ իր կարգին յաղթանակին մէջ Թուրքիոյ բաժինը շեշտած էր, ինչ որ քննադատութեան արժանացած էր ազերպայճանական պետական «Ազերպայճան» թերթին մէջ։ Էրտողան այդ ժամանակ յայտարարած էր, որ Թուրքիա կրնայ «Իսրայէլ մտնել այնպէս, ինչպէս մտանք Ղարաբաղ եւ Լիպիա»։

Միեւնոյն ժամանակ Թուրքիա մշտապէս պնդած է, որ պատերազմին ուղղակի չէ մասնակցած, այլ՝ սահմանափակուած է աջակցելով։ Ազերպայճանն ալ բազմիցս յայտարարած է, որ օտարերկրեայ զօրքեր ուղղակի մասնակցութիւն չեն ունեցած ռազմական գործողութիւններուն։

Տարակարծութեան մէկ այլ կէտ ալ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումն է։ Պաքու երկար ժամանակ պնդած է, որ Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացը պէտք է կապուած մնայ Երեւանի հետ իր խաղաղութեան գործընթացին։

2023-ին Արցախը ամբողջութեամբ իր վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք տարածաշրջանի կացութիւնը փոխուեցաւ։ Թուրքիա սկսաւ աւելի աշխուժօրէն յառաջ տանիլ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ ներառեալ սահմանի վերաբացման, հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման շուրջ քննարկումները։

Միաժամանակ, մինչ Թուրքիա երկար ժամանակ ինքզինք երկու երկիրներու յարաբերութեան «մեծ եղբայրը» նկատած է, Ազերպայճան այսօր կարծես հարցականի տակ կը դնէ այդ դասաւորումը՝ իր հետզհետէ աւելի ինքնավստահ աշխարհաքաղաքական դիրքին եւ տարածաշրջանային ուժ ըլլալու մասին իր իսկ յայտարարութիւններուն լոյսին տակ։

Արցախեան հակամարտութեան մէջ յաղթանակը եւ Եւրոպական Միութեան հետ ուժանիւթային աճող կապերը ամրապնդած են Պաքուի ինքնընկալումը՝ իբրեւ տարածաշրջանին մէջ ինքնուրոյն դեր ունեցող պետութիւն, որ կրնայ վարել Թուրքիայէն կամ շրջանի այլ աւելի հզօր երկիրներէն տարբեր արտաքին քաղաքականութիւն։

2024-ին, երբ ռուսական հակաօդային հրթիռ մը սխալմամբ խոցեց «Azerbaijan Airlines»-ի ճամբորդատար օդանաւ մը՝ պատճառ դառնալով 38 հոգիի մահուան, Պաքու շատ կոշտ հակազդեց, եւ Մոսկուայի հետ անոր երկարամեայ յարաբերութիւնները աննախադէպ անկում ապրեցան։ Ռուս մեկնաբաններ այդ ժամանակ, ըստ երեւոյթին, զարմացած էին Ազերպայճանի հակազդեցութեան ուժգնութենէն։

Սակայն այդ սրած դիմակայութիւնը հետագային մեղմացած է, եւ ըստ OC Media-ի հեղինակներուն, Ազերպայճան կարծես վերադարձած է Ռուսաստանի հետ իր հին՝ մեծ մասամբ վարագոյրին ետեւ գործող գործակցութեան ձեւին, որ երբեմն միայն հրապարակաւ տեսանելի կը դառնայ։ Որպէս օրինակ՝ հեղինակները կը յիշեն Սեպտեմբերին բանտարկուած Ֆրանսայի քաղաքացիին ազատ արձակումը՝ ռուս-ուզպէք միլիառատէր Ալիշեր Ուսմանովը պատժամիջոցներու ցանկէն հանելու դիմաց։

Հեղինակներուն կարծիքով՝ Թուրքիոյ հետ վէճին հրապարակային դրսեւորումներն ալ կրնան նոյնպիսի մօտեցման մէկ արտայայտութիւնը ըլլալ։

Վէճը պիտի խորանա՞յ

Հակառակ այս բոլոր տարակարծութիւններուն՝ ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնատարները, ներառեալ Էրտողանն ու Ալիեւը, մինչեւ հիմա խուսափած են զիրար ուղղակի քննադատելէ։

Ազերպայճանական լրատուական դաշտն ալ առայժմ զգուշաւոր դիրք բռնած է։ Իշխանամէտ լրասփիւռներու հիմնական խօսոյթը այն է, թէ թրքական մամուլին մէջ Ազերպայճանի դէմ արշաւ մը կը տարուի, մինչ իրենք կը պաշտպանեն Պաքու-Անգարա յարաբերութիւնները։ Օրինակ՝ Սեպտեմբեր 26-ին Ազերպայճանի Լրասփիւռներու եւ հեռարձակման խորհուրդը յայտարարած էր, թէ թրքական մամուլին մէջ Ազերպայճանի դէմ «անհիմն եւ կողմնակալ պնդումներ» կը շրջին։

Caliber-ի եւ APA-ի նման իշխանամէտ լրասփիւռներն ալ Թուրքիոյ դէմ սուր յարձակումներ չեն հրապարակած՝ հակառակ անոր, որ աշխարհաքաղաքական այլ վէճերու առիթով սովորաբար  չեն վարանիր կոշտ գրութիւններ հրապարակելու։ 

Թէեւ երկու երկիրներու մեկնաբաններուն միջեւ խայթոցներն ու փոխադարձ քննադատութիւնները հաւանաբար պիտի շարունակուին, կան նաեւ խորքային գործօններ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ազերպայճանա-թրքական դաշինքը գոնէ միջին ժամանակաշրջանին պիտի պահպանուի։

2026-ի սկիզբը Պաքու եւ Անգարա համաձայնագիր կնքած էին Ազերպայճանի Ապշերոն հանքավայրէն բնական կազի մատակարարումը 15 տարուան համար ապահովելու շուրջ՝ սկսեալ 2029-էն։ Համաձայնագիրը կնքուած է այն ժամանակ, երբ Թուրքիա կը փորձէ նուազեցնել իր կախեալ դիրքը ռուսական ուժանիւթէն։ 2024-ին Ազերպայճանի բաժինը Թուրքիոյ կազի ներածումներուն մէջ հասած էր շուրջ 22 առ հարիւրի, գրեթէ կրկնապատկուելով բաղդատած՝ տասը տարի առաջուան հետ։

Ազերպայճանի պարագային, հակառակ Ալիեւի՝ ռազմական ուժին վերաբերող կոշտ խօսքերուն, կան յստակ սահմաններ, եւ քիչ հաւանական կը թուի, որ Պաքու իսկապէս ուզէ խզել Թուրքիոյ հետ տասնամեակներու անվտանգութեան դաշինքը։ Սեպտեմբեր 30-ին՝ այս լարումին ամենասուր շրջանին, Թուրքիա եւ Ազերպայճան շուրջ 500 միլիոն տոլար արժողութեամբ պաշտպանական քանի մը պայմանագիր ստորագրեցին՝ ցոյց տալով, որ ռազմական համագործակցութիւնը կը շարունակուի *։

OC Media-ի հեղինակները իրենց վերլուծութիւնը կ՚եզրափակեն այն դիտարկումով, որ Ազերպայճան տակաւին ոչ ռազմական, ոչ ալ քաղաքական առումով ամբողջովին ինքնուրոյն կանգնելու վիճակի մէջ է։ Հետեւաբար, իրենց գնահատումով, «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» բանաձեւով յարաբերութիւնը առայժմ պիտի շարունակուի։

––––––

* «ՆՅ» — Ի դէպ, այս վերլուծութեան հրապարակման օրերուն յայտնի դարձաւ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ռազմական ճարտարարուեստի «ADEX-2026» ցուցահանդէսին՝ Ազերպայճանի հետ պաշտպանական համաձայնագրեր ստորագրած թրքական «Boğaziçi Savunma» ընկերութեան՝ Ազերպայճանի մասնաճիւղը կը լուծարուի։ Ընկերութիւնը ազերպայճանական կողմին հետ ստորագրած էր գործընկերութեան եւ տեղական արտադրութեան համաձայնագիր։ Մասնաճիւղին լուծարման պատճառները պաշտօնապէս չեն հրապարակուած։