Պաքու Իրանին ու Թուրքիոյ կը վերագրէ «համակարգուած տեղեկատուական յարձակումներ»
Ազերպայճանի Լրասփիւռներու եւ հեռարձակման խորհուրդը խստօրէն դատապարտած է Իրանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Ազերպայճանի դէմ, իր բնորոշումով՝ «համակարգուած տեղեկատուական յարձակումները»։
Խորհուրդի հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու վրայ Ազերպայճանի դէմ կազմակերպուած քարոզարշաւներուն մասնակցած են հասարակական գործիչներ, քաղաքական դէմքեր եւ նոյնիսկ օտար երկիրներու պաշտօնատարներ։
Յայտարարութիւնը կը պնդէ, թէ քաղաքական եւ գաղափարական դրդապատճառներով իրականացուող այս արշաւները նպատակ ունին հանրային կարծիքը շահագործելու, երկրին ներքին գործերուն միջամտելու եւ հասարակութեան վստահութիւնը խաթարելու։
Իբրեւ ապացոյց՝ խորհուրդը կը մատնանշէ միեւնոյն ուղղագրական սխալներով հրապարակումներու զանգուածային տարածումը, կրկնուող մեկնաբանութիւնները, ձեւափոխուած լուսանկարներն ու տեսանիւթերը, ինչպէս նաեւ կարճ ժամանակի ընթացքին ազերպայճաներէն նոյն հաշթակով կատարուած աւելի քան 400 հրապարակումները։
Պաքու մասնաւորապէս կը պարսաւէ Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ գործող շրջանակները՝ X, Telegram եւ TikTok հարթակներուն միջոցով նման արշաւներ ծաւալելու մեղադրանքով։
Խորհուրդը նաեւ դժգոհութիւն յայտնած է, որ երկու երկիրներու իշխանութիւնները միջոցներու չեն ձեռնարկեր Ազերպայճանի պետութեան եւ ժողովուրդին դէմ ուղղուած վիրաւորանքներուն ու սպառնալիքներուն առաջքը առնելու համար։
Վերջաւորութեան, խորհուրդը քաղաքացիներուն եւ լրասփիւռներուն կոչ ուղղած է զգուշանալու ապատեղեկատուական արշաւներէն եւ ձեռնպահ մնալու կեղծ լուրերու տարածումէն։
