Ալիեւ եւ Հերցոկ քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններն ու տարածաշրջանային հարցերը
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Հոկտեմբեր 14-ին Պաքուի մէջ ընդունած է Իսրայէլի նախագահ Իսահակ Հերցոկը։
Հանդիպման ընթացքին Հերցոկ ողջունած է Ասիոյ մէջ գործակցութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոցներու խորհրդաժողովի (CICA) նախագահութիւնը մինչեւ 2028 Ազերպայճանին վստահելու որոշումը՝ այդ քայլը նկատելով երկրին հանդէպ ցուցաբերուած բարձր վստահութեան արտայայտութիւն։
Իսրայէլի նախագահը նաեւ բարձր գնահատած է կազմակերպութեան ծիրէն ներս գործակցութիւնը ընդլայնելու եւ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու ուղղութեամբ Պաքուի կատարած աշխատանքը։
Ալիեւ, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնած է եւ հաւաստած, որ Ազերպայճան պիտի շարունակէ կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն միջեւ գործակցութեան սերտացման ուղղուած իր ջանքերը։
Երկու նախագահները քննարկած են նաեւ ազերպայճանա-իսրայէլեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի հարցեր։
