Համացանցային լայնածաւալ յարձակում՝ Ազերպայճանի պետական հաստատութիւններուն դէմ

Ազերպայճան- թուային յարձակում

Ազերպայճանի պետական հաստատութիւններու համացանցային աւելի քան 100 հասցէներ թիրախ դարձած են համակարգուած յարձակման մը, որ խափանումներ յառաջացուցած է կառավարական շարք մը կայքերու գործունէութեան մէջ։

Ազերպայճանի Յատուկ կապի եւ տեղեկատուական ապահովութեան պետական ծառայութեան համաձայն՝ յարձակումները սկսած են Հոկտեմբեր 13-ի երեկոյեան՝ ժամը 22։00-ի շուրջ, օտարերկրեայ համակարգչահէններու խմբակի մը կողմէ։

Պետական համապատասխան ծառայութիւնները անմիջապէս ձեռնարկած են պաշտպանական միջոցներու՝ սահմանափակելու յարձակումներուն հետեւանքները եւ վերականգնելու խափանուած կայքերուն գործունէութիւնը։

Իշխանութիւնները կը յայտնեն, թէ համացանցային ապահովութեան միջոցառումները կը շարունակուին։ Յարձակումին հեղինակներուն ինքնութեան կամ անոնց հետապնդած նպատակներուն մասին առայժմ յաւելեալ մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած։