Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ առաջին անգամ կը ներկայացուին արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած արուեստի գործեր

Ազգային պատկերասրահ

Երեւանի Ազգային պատկերասրահին մէջ Նոյեմբեր 15-ին բացուած է արուեստագէտ Սոնա Աբգարեանի «Ճնշման ցուցիչ» խորագրով ցուցահանդէսը, որ առաջին անգամ ըլլալով պատկերասրահի այցելուներուն կը ներկայացնէ արհեստական բանականութեան օգտագործումով ստեղծուած արուեստի գործեր։

Ազգային պատկերասրահ 2

Ցուցահանդէսը կը միաւորէ արհեստական բանականութեամբ պատրաստուած տեսանիւթ մը, կտաւի վրայ տպուած պատկերներ եւ եռաչափ տպագրութեամբ ստեղծուած քանդակ մը։ Աբգարեան իր աշխատանքին մէջ կը համադրէ գեղանկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը եւ նորագոյն արհեստագիտութիւնը՝ փորձելով բացայայտել անոնց փոխադարձ ազդեցութիւնը։

«Ճնշման ցուցիչ»-ը կը քննէ արդի ժամանակներու գլխաւոր հարցադրումներէն մէկը. արդեօք արհեստական բանականութիւնը պիտի ընդլայնէ՞ մարդուն ստեղծագործական կարելիութիւններն ու իրականութեան ընկալումը, թէ՞ նոր սահմանափակումներ պիտի ստեղծէ։

Ցուցահանդէսը մաս կը կազմէ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին եւ Հայաստանի Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան եւ արհեստական բանականութեան նախարարութեան կազմակերպած «Արհեստական բանականութեան օրեր 2026» նախաձեռնութեան։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ Նոյեմբեր 29։