Պարէտային ժամեր՝ Ֆրանսայի քանի մը քաղաքներու մէջ. Լըքոռնիւ կը նախատեսէ նոր սահմանափակումներ
Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիէն Լըքոռնիւի Հոկտեմբեր 19-ի յայտարարութենէն ետք, նոյն երեկոյեան մասնակի պարէտային ժամեր հաստատուեցան Փարիզի, Լիոնի, Լիլի եւ Նիսի որոշ թաղամասերուն մէջ՝ նոր բռնութիւններն ու կողոպուտները կանխելու նպատակով։
Փարիզի մէջ սահմանափակումներ հաստատուեցան République-ի հրապարակին եւ Les Halles առեւտրական թաղամասին համար՝ գիշերուան ժամը 11-էն մինչեւ առաւօտեան 6-ը։ Հաւաքներն ու ցոյցերը արգիլուեցան երեկոյեան ժամը 8-էն սկսեալ։
Լիլի եւ շրջակայ երեք քաղաքներու մէջ պարէտային ժամը կը վերաբերի 18 տարեկանէն վար պատանիներուն՝ երեկոյեան ժամը 8-էն առաւօտեան 6-ը։ Նիսի մէջ եւս նման սահմանափակումներ հաստատուած են անչափահասներուն համար, իսկ Պորտոյի որոշ առեւտրական թաղամասերուն մէջ, Հոկտեմբեր 20-էն մինչեւ 26, առանց ծնողի կամ օրինական խնամակալի գտնուող անչափահասներուն արգիլուած է փողոց ելլել գիշերուան ժամը 10-էն մինչեւ առաւօտեան 7-ը։
Հոկտեմբեր 20-ի առաւօտուն Լըքոռնիւ յայտարարեց, թէ այս նպատակային սահմանափակումները նպաստած են նախորդ գիշերուան հանդարտութեան։ Ոստիկանութիւնն ու զինուորական ոստիկանութիւնը հաստատեցին, որ գիշերը անցած է առանց լուրջ միջադէպերու։
Վարչապետը միաժամանակ յայտնեց, թէ նոյն երեկոյեան նոր պարէտային ժամեր կրնան հաստատուիլ այն վայրերուն մէջ, ուր կացութիւնը անհրաժեշտ կը դարձնէ նման միջոցներու դիմելը։ Որոշումները պիտի կայացուին նահանգապետերուն կողմէ՝ քաղաքապետերուն հետ խորհրդակցաբար։
Այսուհանդերձ, կառավարութիւնը կը պատրաստուի նոր փորձութեան մը. «Դեղին բաճկոնաւորներ»-ու շարժման եւ ուսանողական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ նոր ցոյցեր նախատեսուած են յառաջիկայ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին։
