Հայ մշակութային աշխարհը երեք կորուստ մէկէն կը սգայ
Օշին Քէշիշեան, Շահան Արծրունի եւ Դաւիթ Մուրադեան
Հոկտեմբերի վերջին օրերը սուգով պատեցին հայ մշակութային կեանքը։ Իրենց մահկանացուն կնքեցին երեք վաստակաւոր դէմքեր՝ ամերիկահայ խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Օշին Քէշիշեան, աշխարհահռչակ դաշնակահար Շահան Արծրունի եւ գրող ու շարժարուեստի մասնագէտ Դաւիթ Մուրադեան։ Երեք տարբեր ասպարէզներու ծառայած այս մտաւորականները իրենց ետին կը ձգեն հարուստ վաստակ մը՝ հայ մշակոյթի պահպանութեան, զարգացման եւ տարածման մէջ։
Օշին Քէշիշեան (1934–2026)
Լոս Անճըլըսի մէջ, Հոկտեմբեր 19-ին, 91 տարեկանին մահացած Օշին Քէշիշեան ամերիկահայ մամուլի եւ կրթական կեանքի ծանօթ դէմքերէն էր։
Ծնած Երուսաղէմ, նախ յաճախած էր Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, ապա Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան–Մանուկեան երկրորդական վարժարանը։ 1950-ականներուն հաստատուած էր Միացեալ Նահանգներ, ուր շարունակած էր իր բարձրագոյն ուսումը։
1969-ին հիմնած եւ խմբագրած էր Լոս Անճըլըսի անգլիատառ «Armenian Observer» շաբաթաթերթը՝ նպաստելով հայութեան պատմութեան, մշակոյթին եւ ազգային հարցերուն ծանօթացման, յատկապէս անգլիախօս շրջանակներուն մէջ։
Քէշիշեան երկար տարիներ դասաւանդած էր նաեւ Կլենտէյլի համայնքային գոլէճին մէջ։ Գործօն մասնակցութիւն բերած էր Թէքէեան Մշակութային Միութեան աշխատանքներուն եւ հայկական կրթական հաստատութիւններու հոգաբարձութեան։ 1982-ին իրեն վստահուած էր գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի աճիւններուն Հայաստան փոխադրութիւնը։
Իր ծառայութիւններուն համար արժանացած էր Ամենայն հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի շնորհած Ս. Սահակ–Ս. Մեսրոպ շքանշանին։
Շահան Արծրունի (1943–2026)
Հոկտեմբեր 21-ին, Նիւ Եորքի մէջ, 83 տարեկանին մահացած Շահան Արծրունի միջազգային ճանաչում վայելող դաշնակահար, երաժշտագէտ եւ հայ երաժշտութեան անխոնջ տարածող մըն էր։
1943-ին Պոլիս ծնած Արծրունի փոքր տարիքէն բացառիկ ընդունակութիւն ցուցաբերած էր երաժշտութեան հանդէպ։ Ուսանած էր Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն, ապա Պոլսոյ երաժշտանոցին մէջ։ 1964-ին, Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան կրթաթոշակով, մեկնած էր Նիւ Եորք՝ ուսումը շարունակելու հանրահռչակ «Ճուլիարտ» երաժշտական դպրոցին մէջ։
Իր երկարամեայ ասպարէզին ընթացքին ելոյթներ ունեցած էր միջազգային բեմերու վրայ, սակայն առանձնայատուկ ուշադրութիւն ընծայած էր հայկական դասական երաժշտութեան ուսումնասիրութեան եւ տարածման։ Ձայնագրած էր հայ հեղինակներու դաշնակի համար ստեղծագործութիւններու ընդարձակ հաւաքածոյ մը՝ մոռացումէ փրկելով նաեւ քիչ ծանօթ գործեր։
Անոր վերջին աշխատանքներէն էր հայ կին երգահաններուն նուիրուած «By Women» ձայնասկաւառակը։
2008-ին Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցը իրեն շնորհած էր պատուոյ փրոֆէսէօրի կոչում, իսկ 2016-ին արժանացած էր Հայաստանի Մովսէս Խորենացի շքանշանին։
Դաւիթ Մուրադեան (1951–2026)
Նոյն օրը՝ Հոկտեմբեր 21-ին իր մահկանացուն կնքեց նաեւ գրող, թատերագիր, շարժանկարի քննադատ եւ մշակութային գործիչ Դաւիթ Մուրադեան՝ 74 տարեկանին։
1951-ին Երեւան ծնած Մուրադեան իր կեանքը նուիրած էր գրականութեան, շարժարուեստին եւ նոր սերունդներու դաստիարակութեան։ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, աշխատած էր «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցին մէջ, զբաղած գրական ու շարժարուեստի քննադատութեամբ եւ հեղինակած բազմաթիւ գիրքեր ու թատերախաղեր։
Եղած էր Հայաստանի Գրողներու միութեան փոխնախագահ, իսկ 2008-2010-ին՝ Հայաստանի Մշակոյթի փոխնախարար։ Երկար տարիներ դասաւանդած եւ ղեկավարած էր Երեւանի Թատրոնի եւ շարժանկարի պետական հիմնարկի ուսումնական աշխատանքները՝ ստանձնելով նաեւ անոր վերատեսչութիւնը։
Մուրադեան իր գրիչով, դասախօսութիւններով եւ մշակութային գործունէութեամբ կարեւոր դեր ունեցած էր հայ շարժանկարի ուսումնասիրութեան եւ ժամանակակից գրականութեան զարգացման մէջ։ 2011-ին արժանացած էր Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչի կոչումին։
Հայաստանի Շարժանկարի գործիչներու միութիւնը կը պատրաստուէր մօտ օրէն կազմակերպելու անոր ստեղծագործական երեկոյթը՝ «Բառ, պատկեր, գոյն» խորագրով, երբ հասաւ անոր մահուան գոյժը։
Օշին Քէշիշեան, Շահան Արծրունի եւ Դաւիթ Մուրադեան կը ներկայացնէին հայ մշակոյթի երեք տարբեր աշխարհներ՝ մամուլն ու կրթութիւնը, երաժշտութիւնը, գրականութիւնն ու շարժարուեստը։ Անոնց մեկնումով հայութիւնը կը կորսնցնէ ոչ միայն երեք արժանաւոր դէմքեր, այլեւ սերունդներ իրարու կապող երեք նուիրեալներ, որոնց վաստակը պիտի շարունակէ ապրիլ իրենց գործերուն մէջ։
