Ֆրանսայի մէջ՝ ռազմական օդանաւի արկածի երկու զոհերէն մէկն է փոխգնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեան

Օդանաւ-գոլաժ

Ֆրանսայի օդուժի հայազգի փոխգնդապետ Անդրանիկ Սարգիսեան (44 տարեկան), զոհ գացած է Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20-ի երեկոյեան, «Mirage 2000D» ռազմական օդանաւի մը արկածին։ Արկածը պատահած է Ֆրանսայի Մէօրթ-է-Մոզէլ նահանգին Ռոժեւիլ գիւղին մօտերը։ Օդանաւին մէջ գտնուող երկրորդ զինուորականը՝ 27-ամեայ տեղակալ Քանթէն Քլիս, նոյնպէս մահացած է։ Երկու զոհերուն ինքնութիւնը հրապարակած է Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Զինուորականները գիշերային թռիչքի վարժութիւն մը կը կատարէին Նանսի-Օշէի թիւ 133 օդակայանին «Շամփանյը» 2/3 մարտական ջոկատին պատկանող օդանաւով։ Վերադարձի ճամբուն վրայ, ժամը 22.40-ի շուրջ, օդանաւին հետ ռատիօկապը խզուած է, եւ ան անհետացած է ռատարներու պաստառներէն։ Անմիջապէս սկսած են որոնումները, որոնց ընթացքին գտնուած են օդանաւին բեկորներն ու երկու զինուորականներուն մարմինները։

Անդրանիկ Սարգիսեան Ֆրանսայի օդուժին մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած փորձառու սպայ մըն էր։ Իբրեւ սպառազինութեան համակարգերու պատասխանատու նաւարկիչ (navigateur)՝ ան ստացած էր գլխաւոր նաւարկիչի որակաւորումը։ Իր ասպարէզին ընթացքին մասնակցած էր 55 մարտական առաքելութիւններու եւ կատարած՝ ընդհանուր 2200 ժամ թռիչք։ Ան զինուորական առաքելութիւններով մեկնած էր Աֆղանիստան, Մալի, Նիժէր, Սուտան եւ Չատ։

2022-էն ի վեր Սարգիսեան կը ծառայէր Սէն-Տիզիէի թիւ 113 օդակայանին մէջ եւ կը ղեկավարէր Սիւիփի օդային ռմբակոծութեան ու նշանառութեան փորձադաշտը։

Իր կարգին, երիտասարդ օդաչու Քանթէն Քլիս 2025-ի Օգոստոսէն ի վեր կը ծառայէր Նանսի-Օշէի օդակայանին «Արտէն» 3/3 մարտական ջոկատին մէջ։ Ան կը շարունակէր իր պատրաստութիւնը «Mirage 2000D» օդանաւով՝ մարտական գործողութիւններու լիարժէք օդաչուի որակաւորում ստանալու համար։ Քլիս ընդհանուր առմամբ 450 ժամ թռիչք կատարած էր։

Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարար Քաթրին Վոթրէն եւ օդուժի սպայակոյտի պետ զօրավար Ժերոմ Պելանժէ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնած են ծառայութեան ընթացքին մահացած երկու զինուորականներուն ընտանիքներուն, հարազատներուն եւ զինակից ընկերներուն։

Արկածին պատճառները տակաւին յայտնի չեն։ Դատական եւ զինուորական ապահովութեան քննութիւններ բացուած են՝ պարզելու համար օդանաւին անկման հանգամանքները։