COP17. Ֆրանսական շարժանկարն ու լուսանկարչութիւնը՝ ի սպաս բնութեան պահպանութեան

COP17. Ֆրանսական շարժանկարն ու լուսանկարչութիւնը՝ ի սպաս բնութեան պահպանութեան

Institut français d'Arménie

Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկը Հոկտեմբեր 23-30 Երեւանի մէջ կը կազմակերպէ կենսաբազմազանութեան նուիրուած ֆրանսական շարժանկարի փառատօն մը՝ COP17 միջազգային խորհրդաժողովին առիթով։ Ֆրանսական ժապաւէններու ցուցադրութիւններով, բեմադիրներու հետ հանդիպումներով եւ լուսանկարչական ցուցահանդէսով, այս նախաձեռնութիւնը հայ հանդիսատեսին առիթ կ՚ընծայէ տարբեր տեսանկիւններէ ծանօթանալու բնութեան, կենդանի աշխարհին եւ անոր հետ մարդուն յարաբերութիւններուն։

Շարժանկարի շաբաթ մը՝ նուիրուած կենսաբազմազանութեան

Փառատօնին բացումը կատարուած է Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 23-ի երեկոյեան, Երեւանի «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ՝ ֆրանքեւճափոնցի բեմադիր Մոմոքօ Սեթոյի Planètes («Մոլորակներ», 2025) կենդանապատկեր (animation) ժապաւէնին ցուցադրութեամբ՝ հեղինակին ներկայութեամբ։

Ժապաւէնը կը պատմէ խատուտիկի չորս սերմերու արտասովոր ճանապարհորդութիւնը։ Երկիրը աւերած աղէտէ մը ետք անոնք կը յայտնուին տիեզերքին մէջ եւ կը սկսին գոյատեւման նոր պայմաններ որոնել։ Այս պատմութեան ընդմէջէն Սեթօ կ՚անդրադառնայ կենդանի էակներուն յարմարելու կարողութեան եւ կեանքի պահպանութեան համար անհրաժեշտ պայմաններուն։ Ցուցադրութենէն ետք բեմադիրը զրուցած է հանդիսատեսներուն հետ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ի երեկոյեան, նոյն սրահին մէջ ֆրանսացի լուսանկարիչ եւ բեմադիր Վենսան Միւնիէ ներկայացուցած է իր Le Chant des forêts («Անտառներուն երգը», 2025) վաւերագրական ժապաւէնը։

Ֆրանսայի Վոժ լեռներու անտառներուն մէջ նկարահանուած այս գործը կը համախմբէ երեք սերունդ՝ Վենսան Միւնիէն, անոր հայրը՝ բնութեան սիրահար Միշէլ Միւնիէն, եւ որդին՝ Սիմոնը։ Անոնք միասին կը հետեւին անտառային կենդանիներու գաղտնի կեանքին՝ եղջերուներէն ու հազուագիւտ թռչուններէն մինչեւ լուսաններ։ Ժապաւէնը դիտողը կը հրաւիրէ աւելի ուշադիր ու զգայուն աչքով նայելու անտառին եւ անոր բնակիչներուն։ Ցուցադրութենէն ետք Վենսան Միւնիէ նոյնպէս՝ հանդիպում մը ունեցած է հանդիսատեսներուն հետ։

Յայտագիրին մաս կը կազմեն նաեւ Թոմա Գայէի Le Règne animal («Կենդանական թագաւորութիւնը», 2023) ժապաւէնը, որ պիտի ցուցադրուի Հոկտեմբեր 25-ին, Մարի Ամիկէի եւ Վենսան Միւնիէի La Panthère des neiges («Ձիւնահովազը», 2021) վաւերագրական գործը, ինչպէս նաեւ Անն-Լիզ Քէօլէրի եւ Էրիք Սէրի Bonjour le monde ! («Բարեւ, աշխա՛րհ», 2019) կենդանապատկեր ժապաւէնը։

Ցուցադրութիւնները տեղի պիտի ունենան մայրաքաղաքի տարբեր սրահներուն մէջ, մասնաւորաբար «Մոսկուա» շարժանկարի սրահը եւ COP17-ի ձեռնարկներուն յատկացուած վայրերը։ Բոլոր ժապաւէնները պիտի ներկայացուին հայերէն եւ անգլերէն ենթագրերով։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին, Մոմոքօ Սեթօ նաեւ վարպետութեան դաս մը պիտի տայ «ԹՈՒՄՕ» կեդրոնին մէջ՝ ներկայացնելով շարժանկարի իր աշխատանքը։ Հանդիպումէն առաջ պիտի ցուցադրուի Planètes ժապաւէնը։ Ձեռնարկին կրնան մասնակցիլ թէ՛ կեդրոնին աշակերտները, թէ՛ այլ հետաքրքրուողներ։

Վենսան Միւնիէի լուսանկարները՝ Վարդանեան զբօսայգիին մէջ

Վենսան Միւնիէի Երեւան այցելութիւնը առիթ է նաեւ ծանօթանալու անոր լուսանկարչական արուեստին։ Հոկտեմբեր 19-էն Նոյեմբեր 19, մայրաքաղաքի Իտալիոյ փողոցին վրայ գտնուող Վարդանեան զբօսայգիին մէջ կը ներկայացուին անոր 60 լուսանկարները։

Ցուցահանդէսը կը համախմբէ լուսանկարիչին ստեղծագործական տարբեր շրջաններուն պատկանող գործեր, որոնց շարքին՝ Le Chant des forêts ժապաւէնին առնչուող պատկերներ։ Անոնք կը բացայայտեն վայրի կենդանիներու կեանքէն պահեր, զորս լուսանկարիչը տարիներու համբերատար դիտարկումներով յաջողած է անմահացնել։

Ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը նախատեսուած էր Շաբաթ, Հոկտեմբեր 24-ին, արուեստագէտին ներկայութեամբ։ Հանրային զբօսայգիի մը մէջ լուսանկարներուն ցուցադրութիւնը կարելիութիւն կ՚ընձեռէ լայն հասարակութեան ծանօթանալու բնութեան եւ վայրի կենդանական աշխարհին նուիրուած անոր երկարամեայ աշխատանքին։

Այս մշակութային ձեռնարկները կազմակերպուած են Հայաստանի Ֆրանսական հիմնարկին կողմէ՝ բնապահական շարժանկարի «Արեւորդի» (SunChild) միջազգային փառատօնին, Երեւանի քաղաքապետութեան եւ «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին գործակցութեամբ։

COP17-ի առիթով պատրաստուած այս յայտագիրը շարժանկարն ու լուսանկարչութիւնը կը դարձնէ բնութեան հարստութեան եւ անոր պահպանութեան անհրաժեշտութեան մասին մտածելու միջոցներ՝ միաժամանակ սերտացնելով ֆրանսացի արուեստագէտներուն եւ հայ հասարակութեան միջեւ կապերը։