Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականը անդրադարձած է Ազերպայճանի ապատեղեկատւութիւններուն

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Նելլի Բաղդասարեան ապատեղեկատւութիւն որակած է ազերպայճանական լրասփիւռներու տարածած լուրերը, որոնք Արցախի եւ Ազերպայճանի ներկայացուցիչներու հանդիպումը փորձած են ներկայացնել իբրեւ, այսպէս կոչուած, «նախնական քննարկումներ Ղարաբաղի շրջանի հայերու վերահամարկման մասին»։

“Արցախի Հանրապետութեան նախագահը Փետրուար 23-ի ուղերձում եւ Մարտ 1-ի կառավարութեան նիստի ընթացքում կրկին անգամ բացառել է Ադրբեջանի հետ համարկման որեւէ գործընթաց՝ յատկանշելով, որ Ադրբեջանի հետ քաղաքական երկխօսութիւնը հակամարտության կարգաւորման նպատակով հնարաւոր է մի՛այն միջազգային միջնորդական ձեւաչափի շրջանակներում”,– ընդգծած է Բաղդասարեան։ ■