Հայ դերասան Սամուէլ Թադեւոսեան «Կոլտըն Կլոպզ»-ի մրցանակի արժանացած է Թաշքենտի մէջ
Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ, Հոկտեմբեր 23-24-ին, առաջին անգամ կազմակերպուած «Silk Road Tribute Gala» հանդիսութեան ընթացքին հայ դերասան Սամուէլ Թադեւոսեան արժանացած է «Golden Globes Beacon Award» մրցանակին։
«Կոլտըն Կլոպզ»-ի գործակցութեամբ ստեղծուած այս նոր մրցանակը կը գնահատէ Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի շարժանկարի ու հեռատեսիլի ասպարէզներուն մէջ ուշադութեան արժանի նոր սերունդի տաղանդաւոր արուեստագէտները։
33-ամեայ Սամուէլ Թադեւոսեան մաս կը կազմէր առաջին այս հանդիսութեան պարգեւատրուած շարժանկարի վեց գործիչներուն, որոնք կը ներկայացնէին Հայաստանը, Վրաստանը, Ազերպայճանը, Ղազախստանն ու Ուզպեքիստանը։ Մետաքսի պատմական ճամբու երկիրներու շարժանկարին եւ հեռատեսիլային արտադրութիւններուն նուիրուած այս ձեռնարկին նպատակն էր միջազգային հանրութեան ծանօթացնել տարածաշրջանի գեղարուեստական աւանդութիւններուն բազմազանութիւնը եւ քաջալերել մշակութային փոխանակումները։
Հայ հանդիսատեսին ծանօթ Սամուէլ Թադեւոսեան լայն ճանաչում գտած է մասնաւորաբար Մհեր Մկրտչեանի 2016-ին նկարահանած «Կեանք ու կռիւ» (Life and Fight) ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարութեամբ։ Արցախեան պատերազմին նուիրուած այս ժապաւէնը կը ներկայացնէ երիտասարդ հայերու սերունդ մը, որուն ճակատագիրը հիմնովին կը փոխուի պատերազմի հետեւանքով։ Իր տպաւորիչ դերակատարութեան համար Թադեւոսեան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Շարժանկարի ազգային ակադեմիայի «Անահիտ» մրցանակին։
Դերասանը գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ թատերական ասպարէզին մէջ, ուր ուշադրութիւն գրաւած է մասնաւորաբար «Եսասէրը» (L’Égoïste) միանձնեայ ներկայացումով։
Շարժանկարի եւ թատրոնի իր ասպարէզին զուգահեռ՝ Սամուէլ Թադեւոսեան վերջին ամիսներուն իր առաջին քայլերը առած է նաեւ միջազգային նորաձեւութեան աշխարհէն ներս։
Անցեալ Օգոստոսին ան մասնակցած է ֆրանսական հանրածանօթ «Dior» նորաձեւութեան տան 2026-ի ձմռան տղամարդոց հագուստի հաւաքածոյի ծանուցումային արշաւին։ «A Study in Precision» խորագրուած այս արշաւը կը ներկայացնէ դասական տղամարդու տարազի արդիական մեկնաբանութիւն մը՝ շեշտը դնելով ձեւուածքի ճշգրտութեան եւ նրբագեղութեան վրայ։
Աւելի վերջ, հայ դերասանը լուսանկարուած է նաեւ գանատական «Canada Goose» վաճառանիշին 2026-ի աշուն-ձմեռ «Snow Goose» հաւաքածոյի ծանուցումային արշաւին համար։ Լուսանկարները կատարած է Ժիւլի Ժուպէր։
Թաշքենտի հանդիսութեան ընթացքին Թադեւոսեան «Beacon Award» մրցանակին արժանացած է ղազախ դերասանուհի Շուկիլա Եշէնի հետ։
Հանդիսութեան ընթացքին յանձնուած են նաեւ երկու այլ դասակարգերու մրցանակներ՝ «Trailblazer Award», որ կը գնահատէ տարածաշրջանի շարժանկարին նոր շունչ հաղորդած արուեստագէտները, եւ «Meridian Award», որ կը մեծարէ գեղարուեստական հարուստ վաստակ ունեցող գործիչները։
Հոկտեմբեր 14-ին «Կոլտըն Կլոպզ»-ի կողմէ պաշտօնապէս յայտարարուած այս նոր ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Vivid Strategies» ընկերութեան կողմէ՝ ամերիկեան մրցանակաբաշխութեան կազմակերպութեան գործակցութեամբ։ Ան տարածաշրջանային առանձին հանդիսութիւն մըն է եւ զայն պէտք չէ շփոթել Հոլիվուտի մէջ ամէն տարի տեղի ունեցող «Կոլտըն Կլոպզ»-ի աւանդական մրցանակաբաշխութեան հետ։
Պարգեւատրումէն ետք Սամուէլ Թադեւոսեան ընկերային ցանցերու վրայ իր երախտագիտութիւնը յայտած է՝ նշելով, թէ իրեն համար պատիւ մըն էր մաս կազմել առաջին այս հանդիսութեան գնահատանքի արժանացած արուեստագէտներուն։
