Փարիզի փոխքաղաքապետ Օտրէ Փիւլվարի Երեւան այցը
Երեւանի փոխքաղաքապետ Լեւոն Յովհաննիսեան Հոկտեմբեր 23-ին քաղաքապետարանին մէջ ընդունած է Փարիզի փոխքաղաքապետ Օտրէ Փիւլվարի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։
Հանդիպման ընթացքին Յովհաննիսեան բարձր գնահատած է Երեւանի եւ Ֆրանսայի գործընկեր քաղաքներուն ու շրջաններուն միջեւ գործակցութեան սերտացումը՝ առանձնապէս շեշտը դնելով Փարիզի հետ հաստատուած գործընկերային յարաբերութիւններու կարեւորութեան վրայ։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ բնապահական հասարակաց խնդիրներուն եւ քննարկած ապագայ գործակցութեան այն ուղղութիւնները, որոնք կրնան հիմք ծառայել նոր նախաձեռնութիւններու իրագործման։
