Թուրքիա աւարտած է Անիի պատմական կամուրջին վերականգնման մրցոյթի ընթացակարգը
Թուրքիա աւարտած է հայ-թրքական սահմանին վրայ գտնուող Անիի պատմական կամուրջին վերականգնման աշխատանքներուն յատկացուած մրցոյթի ընթացակարգը։ Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ Փոխադրամիջոցներու եւ ենթակառոյցներու նախարար Ապտիւլքատիր Ուրալօղլու՝ յստակացնելով, թէ համապատասխան պայմանագիրը ստորագրուած է Սեպտեմբեր 28-ին։

Ախուրեան գետին վրայ գտնուող կամուրջին վերականգնումը պիտի իրականացուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ համատեղ ջանքերով։ Երկու երկիրները Մայիս 4-ին, Երեւանի մէջ ստորագրած էին աշխատանքներուն ծաւալն ու իրականացման եղանակները սահմանող համաձայնագիր մը։ Զայն ստորագրած էին հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեան եւ Սերտար Քըլըչ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ փոխնախագահ Ճեւտէթ Եըլմազի ներկայութեան։
Թուրք նախարարին համաձայն, վերականգնման աշխատանքները պիտի կատարուին երկկողմանի յանձնախումբի մը համակարգումով, որուն մաս պիտի կազմեն նաեւ Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարարութեան եւ Ճամբաներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչները։
Պատմական կարեւոր ժառանգութիւն մը
Կամուրջը, որ կառուցուած է հաւանաբար Ժ. դարուն, կը գտնուի միջնադարեան Հայաստանի մայրաքաղաքներէն Անիի մօտ եւ ժամանակին ծառայած է իբրեւ Մետաքսի ճամբու առեւտրական կարեւոր անցք։
Պատմական տուեալներու համաձայն, կամուրջը ունեցած է շուրջ 80 մեթր երկարութիւն եւ ութ մեթր լայնք։ Անոր գլխաւոր կամարը փլած է 1807 Հոկտեմբեր 16-ին, իսկ այսօր կանգուն մնացած են միայն երկու ծայրերու յենասիւներուն մնացորդները։
Անիի պատմական հնավայրը 2016-էն ի վեր արձանագրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ։
Թրքական իշխանութիւններուն համաձայն, վերականգնման ծրագիրը կը նպատակադրէ պահպանել Մետաքսի ճամբու մշակութային արժէքաւոր այս ժառանգութիւնը եւ զայն փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի ծիրէն ներս իրականացուող այս նախաձեռնութիւնը կրնայ նաեւ նպաստել սահմանամերձ շրջաններու գործակցութեան զարգացման։
Վերականգնման աշխատանքներուն աւարտի թուականը տակաւին չէ հրապարակուած։
