Փարիզ – Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի երեկոյթը՝ ջուրի եւ զօրակցութեան շուրջ

20261106_201407_NH

Պետրոս Թերզեան եւ Վազգէն Անդրէասեան կը ներկայացնեն Սպանդարեանի ջրանցքի վերականգնման ծրագիրը

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի սրահը լեցուած էր ծայրէ-ծայր։ Կամաւորներն ու նուիրատուները ընդառաջած էին Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի հրաւէրին։ Հանդիպման նպատակն էր ներկաները տեղեկացնել Հիմնադրամի գործունէութեան մասին, միասնաբար քննարկել կարեւոր հարց մը եւ խանդավառ երեկոյթի մը ընթացքին առիթ տալ կարծիքներու փոխանակման։ Հիմնադրամի հիւսիսային շրջանի նախագահ Քրիսթիան Տոսիկեան բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնց շարքին՝ ֆրանքեւհայկական գործակցութեան նախկին համակարգող տիկին Ֆլորանս Փրովանտիէին։

Երեկոյթը սկսաւ երաժշտութեամբ։ Լորիս Զատիկեանի դաշնակի նուագին ընկերացան Ուարէն Մանուէլեանի գծանկարները, որոնք նոյն պահուն կը ցուցադրուէին պաստառին վրայ։ Անմիջապէս յայտնուեցաւ հայկական գորգ մը, որ ներկաները հրաւիրեց ճամբորդութեան մը՝ դէպի հայկական եկեղեցիները, որոնք դարերէ ի վեր կը հսկեն սարերուն ու ձորերուն վրայ։ Այս բանաստեղծական պտոյտը ներկաները տարաւ մինչեւ Հայաստան։

Երեկոյթին յայտագիրը կ՚ընդգրկէր նաեւ «Հայաստան՝ ռազմավարական ջրամբար» նիւթը։ Պետրոս Թերզեան եւ Վազգէն Անդրէասեան քննարկեցին երկրին ջուրի մատակարարման հարցը, խօսեցան ինքնաբաւարարութեան մարտահրաւէրներուն մասին եւ լուծումներ առաջարկեցին։ Երկրագործութեան համար անփոխարինելի պաշար հանդիսացող ջուրը Հայաստանի մէջ տակաւին բաւարար չափով չ՚օգտագործուիր, իսկ կորուստները մեծ են։ Մշակներուն աշխատանքը դժուար է, իսկ եկամուտը՝ անբաւարար։ Անոնք կը յուսահատին հողագործութենէն, եւ գաւառներն ու գիւղերը աստիճանաբար կը պարպուին։

Այս իրողութիւնը կը մղէ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամը գործնական ծրագրեր մշակելու։ Այդ ծրագրերէն մէկն է Սիւնիքի մարզին մէջ Սպանդարեանի ջրանցքին 36,4 քիլոմեթրնոց հատուածին վերականգնումը։ Ջրանցքը պիտի ծառայէ վեց գիւղերու՝ ընդհանուր 3400 բնակիչներով։ Նորոգութեան աշխատանքները սկսած են Սեպտեմբեր 2025-ին, իսկ առաջին փուլին աւարտը նախատեսուած է 2027-ի գարնան։ Այս առաջին փուլը կարելիութիւն պիտի տայ ոռոգելու մօտ 1900 հեկտար հողատարածք։

Այսպէս, ջուրի մատակարարման բարելաւումը, բնակարաններու վերանորոգման զուգահեռ ծրագրին հետ, պիտի նպաստէ Սիւնիքի մարզին մէջ հայ ընտանիքներու ներկայութեան պահպանման՝ անոնց կարելիութիւն տալով մշակելու հողը եւ եկամուտի աղբիւր մը ապահովելու։

Ջրանցքին վերանորոգման ծրագիրը կը պահանջէ 7 միլիոն եւրոյի ֆինանսաւորում, որ պիտի ապահովուի նուիրատւութիւններու եւ փոխառութիւններու միջոցաւ։ Այսպէս, 200 եւրոյի նուիրատւութեամբ կարելի կ՚ըլլայ վերականգնել ջրանցքէն մէկ մեթր։

Հայաստանի զարգացման այս ձգտումը արձագանգ գտաւ նաեւ 2026-ի Phonéthon-ի կնքահայր Քրիսթիան Մաքարեանի խօսքերուն մէջ։ Տեսերիզի մը միջոցով ան ներկայացուց իր տեսլականը եւ աջակցութիւնը յայտնեց բարգաւաճ Հայաստանի մը կերտման։

Երեկոյթը շարունակուեցաւ «Նաւասարդ» պարախումբի երաժշտական կազմին ելոյթով։ Աւանդական նուագները խանդավառեցին ներկաները։ Ապա տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին զրոյցները շարունակուեցան, նոր կապեր հաստատուեցան՝ Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի կազմակերպիչներուն փափաքած մտերմիկ մթնոլորտին մէջ։ Երաժշտութենէն ոգեւորուած՝ մասնակիցներէն ոմանք նոյնիսկ քոչարի շուրջպարով ճոխացուցին երեկոյթը։

Թղթակցութիւն եւ լուսանկարներ՝

Մարալ ՓՈՒՇՈՒՃԵԱՆ