Հալէպի մէջ նշուեցան Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակը եւ Մխիթարեան վարժարանի 90-ամեակը
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 31-ին, Հալէպի մէջ հանդիսաւորապէս նշուեցան Մխիթար Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակը եւ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանի հիմնադրութեան 90-ամեակը։ Մխիթարեան Միաբանութեան հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին կը նախագահէր Միջին Արեւելքի Մխիթարեան առաքելութեան մեծաւոր Հ. Մեսրոպ վրդ. Սիւլահեան։ Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր վարժարանի տնօրէնուհի Տաթեւիկ Նաճարեան-Հալապիի կողմէ։
Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեան, Վեր. դոկտ. Յարութիւն Սէլիմեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Հ. Կոմիտաս վրդ. Տատաղլեան, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Պատալեան, ինչպէս նաեւ ազգային, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Հանդիսութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վարժարանի ինը տասնամեակներու կրթական եւ մշակութային առաքելութեան։ Գեղարուեստական յայտագրին զուգահեռ ներկայացուեցան վարժարանի պատմութենէն դրուագներ եւ յուշեր։ Ձեռնարկին յաջորդեցին ցուցահանդէս եւ հիւրասիրութիւն՝ լարային քառեակի նուագակցութեամբ։
