Փաշինեան Նոյեմբեր 11-ին Թուրքիա պիտի երթայ՝ մասնակցելու COP31-ին

Փաշ-27424803450552179-4282761112350800852-n-1090x727-quality90-1520x1013-quality(90)

Վարչապետ Փաշինեան Նոյեմբեր 11-ին Թուրքիա պիտի մեկնի՝ մասնակցելու Անթալիոյ մէջ կազմակերպուած ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան 31-րդ համաժողովին (COP31)։ Այս մասին յայտնած է վարչապետի բանբեր Մելանիա Յարութիւնեան։

Նոյեմբեր 9-20 տեղի ունեցող համաժողովի ծիրին մէջ, Նոյեմբեր 11-12-ին նախատեսուած է պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովը։

Փաշինեան կը մասնակցի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հրաւէրով, որ իրեն փոխանցուած էր Սեպտեմբերին՝ Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին։

Այցելութիւնը տեղի կ՚ունենայ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն զուգահեռ։ Նոյեմբեր 6-ին Փաշինեան յայտարարած էր, թէ համոզուած է, որ երկու երկիրները մօտ ապագային դիւանագիտական յարաբերութիւններ պիտի հաստատեն։

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ տակաւին հաստատուած չեն դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ ցամաքային սահմանն ալ կը շարունակէ փակ մնալ 1993-էն ի վեր։