Ալիեւ. «Հրասայլերով Պաքու գալ ու թէյ խմել կ՚ուզէին, հիմա բանտերուն մէջ թէյ կը խմեն»

Ալիեւ-Էրտո-2

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Նոյեմբեր 8-ին, 2020-ի Արցախեան պատերազմին մէջ արձանագրուած յաղթանակին վեցերորդ տարեդարձին առիթով, Ստեփանակերտի մէջ (ազերպայճանական անուանումով՝ Խանքենտի) ունեցած ելոյթին ընթացքին հերթական յոխորտալից յայտարարութիւններով անդրադարձած է հայերուն։

“Հրասայլերով Պաքու գալ կ՚ուզէին, Պաքուի մէջ թէյ խմել կ՚ուզէին։ Գոռոզ յայտարարութիւններ կ՚ընէին, որովհետեւ որոշ ուժերու ապաւինած էին եւ կը կարծէին, թէ իրենց տիրապետութիւնը յաւերժ պիտի տեւէ։ Բայց մենք իրենց ցոյց տուինք, թէ ով ո՛վ է։ Այսօր ազերպայճանական բանտերուն մէջ թէյ կը խմեն”,–  ըսած է Ալիեւ՝ ակնարկելով Պաքուի մէջ կալանաւորուած Արցախի նախկին ղեկավարներուն։

Ան յայտարարած է նաեւ, թէ Ազերպայճան երբեք չէ համակերպած իր տարածքներուն նկատմամբ հայկական վերահսկողութեան, եւ 2020-ի պատերազմը ներկայացուցած իբրեւ իր երկրին կամքին ու ռազմական ուժին յաղթանակը։

Անդրադառնալով երկրին ներկայ դիրքին՝ Ալիեւ շեշտած է, թէ Ազերպայճան այսօր քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ ռազմականօրէն անկախ պետութիւն մըն է, որ «ո՛չ ոքէ կախեալ է»։

Նոյն օրը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ժամանած է Արցախ՝ Ալիեւի հրաւէրով։ Երկու նախագահները Շուշիի մէջ հանդիպում ունեցած են եւ հրապարակաւ վերահաստատած իրենց երկիրներուն դաշնակցութիւնը։ «Միասին շատ աւելի զօրաւոր ենք», յայտարարած է Ալիեւ, մինչ Էրտողան շեշտած է, թէ ոչ ոք պիտի կարենայ խախտել երկու ժողովուրդներուն եղբայրութիւնը։

Այս սիրալիր հանդիպումը տեղի ունեցած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ վերջին շաբաթներուն ծագած տարակարծութիւններէն ետք, որոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին ազերպայճանական դպրոցներուն մէջ գլխաշորի գործածութեան եւ Իսրայէլի հետ Ազերպայճանի սերտ յարաբերութիւններուն։

ԽՄԲ. «ՆՅ»-ի – Թրքական առցանց մամուլի գլխաւոր լուրերու բաժինները կը յորդին Ալիեւի եւ Էրտողանի սիրալիր լուսանկարներով՝ «Միասին աւելի զօրաւոր ենք», «Մեր եղբայրութիւնը ոչ ոք կրնայ խախտել» եւ նման խորագրերու ընկերակցութեամբ։ Յայտնապէս ի գործ դրուած է ջանք մը՝ ստեղծելու այն տպաւորութիւնը, թէ երկու երկիրներուն միջեւ լուրջ լարումի շրջանէ մը ետք ամէն ինչ կրկին կարգի կը մտնէ։

Միայն թէ Ալիեւի՝ սովորական պոռոտախօսութիւններով լի ելոյթին մէջ պէտք չէ անտեսել այն բաժինը, ուր ան իր երկիրը կը ներկայացնէ իբրեւ այսօր աւելի քան երբեք զօրաւոր պետութիւն մը եւ, մանաւա՛նդ, «ո՛չ ոքէ կախեալ»։ Այս վերջին նշումը անկասկած ուղղուած է նաեւ Ռուսաստանի, բայց մա՛նաւանդ Թուրքիոյ։

Ապա կը մնայ նաեւ հարցերուն խորքային բնոյթը։ Բաւարա՞ր է սիրալիր խօսքեր փոխանակել, նոյնքան սիրալիր լուսանկարներ հրապարակել եւ ամէն ինչ վերստին վարդագոյն ցոյց տուող լուրեր տարածել՝ լուծելու համար գլխաշորի հարցով ծագած տարակարծութիւնները, բայց մանաւա՛նդ Իսրայէլի նկատմամբ երկու երկիրներուն իրարու հակոտնեայ մօտեցումները։

Ի դէպ, իսրայէլեան վերջին ընտրութիւններէն ետք պարզուած պատկերը եւ Նեթանիահուի՝ վարչապետի աթոռէն հաւանական հեռացումը կրնան գէթ մասամբ փրկութեան լաստ մը հանդիսանալ, գոնէ առժամաբար, այս վերջին հարցին մէջ։