Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն վեց տարի ետք. պատերազմի ծանր հետեւանքները կը շարունակուին

Տարելից

Այսօր կը լրանայ 2020 Նոյեմբեր 9-ին ստորագրուած եռակողմ յայտարարութեան վեցերորդ տարելիցը։ Հայաստանի, Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն ստորագրած փաստաթուղթը վերջ դրաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին։

Պատերազմի եւ զինադադարին յաջորդած տարածքային զիջումներուն հետեւանքով Շուշին, Հադրութը եւ Արցախի յարակից եօթը շրջանները անցան Ազերպայճանի վերահսկողութեան տակ, իսկ շփման գիծին երկայնքին տեղակայուեցան ռուս խաղաղապահ ուժեր։

Վեց տարի անց պատերազմի մարդկային եւ տարածքային հետեւանքները կը շարունակեն մնալ ծանր։

Պաշտօնական վերջին տուեալներուն համաձայն՝ հայկական կողմը ունեցած է 3833 զոհ, որոնցմէ 3755-ը զինուորականներ են, իսկ 78-ը՝ քաղաքայիններ։ Տակաւին անյայտ կը մնայ ճակատագիրը 191 անձի՝ 172 զինուորական եւ 19 քաղաքային։

Եռակողմ յայտարարութեան շարք մը կարեւոր դրոյթներ, մասնաւորաբար ռազմագերիներու ամբողջական վերադարձին եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման վերաբերեալ, մինչեւ օրս լիովին չեն գործադրուած։

2022-ի Դեկտեմբերին սկսած Լաչինի միջանցքի իննամսեայ շրջափակումին յաջորդեց 2023 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի ռազմական յարձակումը, որուն հետեւանքով աւելի քան 100 հազար արցախահայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց հայրենի դարաւոր բնակավայրերը։

Այսպէս, Արցախի հայ բնակչութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ հեռացաւ՝ նախքան 2024-ին ռուս խաղաղապահ ուժերուն վերջնական հեռացումը։