Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է G20-ի ղեկավարներու վեհաժողովին
Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է մասնակցելու Մեծ քսանեակի (G20) պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 2026 Դեկտեմբեր 14-15-ին, Միացեալ Նահանգներու Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքին մէջ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նոյեմբեր 19-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է իր մասնակցութիւնը։ “Մեծ պատիւ է նման հրաւէր ստանալը, եւ, բնականաբար, այո՛, պիտի մասնակցիմ”,– յայտարարած է ան։
Միացեալ Նահանգները, որ 2026-ին կը նախագահէ Մեծ քսանեակին, վեհաժողովին հրաւիրած է կազմակերպութեան անդամ չեղող շարք մը այլ երկիրներ եւս, որոնց կարգին՝ Ազերպայճանը, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը, Ֆինլանտան, Սպանիան, Քաթարը եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։
Մեծ քսանեակը, որ կը համախմբէ աշխարհի տնտեսական գլխաւոր ուժերը, միջազգային տնտեսական գործակցութեան հիմնական հարթակներէն մէկն է։ Անոր տարեկան վեհաժողովներուն կը քննարկուին համաշխարհային տնտեսութեան, առեւտուրի, ուժանիւթային ապահովութեան եւ միջազգային գործակցութեան առնչուող հարցեր։
Նշենք, որ թէեւ Հայաստան նախապէս մասնակցած է Մեծ քսանեակի նախարարական հանդիպումներուն, մասնաւորաբար յանձին՝ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի 2024-ին եւ 2025-ին, ըստ առկայ տեղեկութիւններուն՝ Մայամիի մէջ ղեկավարներու վեհաժողովին մասնակցելու հրաւէրը Հայաստանի յղուած առաջինն է։
Հայաստան եւ Ազերպայճան վեհաժողովին հրաւիրուած են իբրեւ հիւր երկիրներ, առանց Մեծ քսանեակի անդամի կարգավիճակ ունենալու։

